(Դոկտ. Գէորգ Խրլոպեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով)
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Թերեւս ոմանց համար տարօրինակ թուին վերնագիրիս երկու բառերուն քով-քովի դրուիլը, մանաւանդ գիտական յառաջդիմութեամբ մեծ նուաճումներ արձանագրած ներկայ դարուն: Սակայն, այդ երկու բառերը ներդաշնակ ու զիրար ամբողջացնող իմաստ ունէին դոկտ. Գէորգ Խրլոպեանի անձին մէջ, որուն համար հաւատքով զօրացած գիտութիւնը կը ձգտէր ճշմարտութեան, դրութենականութեան ու կատարելութեան:
Մէկ տարուան միջոցը մեզ կը բաժնէ դոկտ. Գէորգ Խրլոպեանի ներհուն իմաստութեամբ յագեցած երկրաւոր կեանքէն, երբ իր յառաջացած տարիքին ու առողջական ծանր պայմաններուն մէջ իսկ, երբեմն հակառակ բժիշկներու կողմէ պարտադրուած հանգիստին, մամուլի ճամբով թէ այլապէս իր գիտնականի պաշարէն կը բաշխէր ամէնուն:
Պատմական անցեալով հարուստ Բերիոյ թեմին մէջ սկիզբ առած այս կեանքը, որուն լեզուն հաւատացեալ ընտանիքի մէջ աղօթքով թոթովեց, հայրենասիրական խոր ապրումներու բերումով իր աճումը ունեցաւ հայրենիքի մէջ, երբ ծնողքին հետ ներգաղթեց մայր հայրենիք: Հաւատքի վէմին վրայ կու գար աւելնալ հայրենակարօտ հայու սիրտը, որ մինչեւ իր վերջին շունչը պիտի բաբախէր նո՛յն հայրենասիրութեամբ:
Հայ փիլիսոփայական միտքի զարգացման պատմութեան, ընկերային, ընտանեկան, մանկավարժական ու այլ բնագաւառներու մասնագիտութեամբ պարենաւորուած Խրլոպեան, որ իր ներդրումը ունեցաւ վերոյիշեալ նիւթերու հայերէնով դրութենականացման մէջ, ի զարմանս շատերու, նաեւ խորապէ՛ս հաւատացեալ մարդ էր: Անաստուած վարչակարգի ամէնէն դաժան տարիներուն իր հաւատքը կենդանի պահած այս գիտնականը, իր կեանքի վերջին տարիները նուիրեց նաեւ կրօնագիտական այնպիսի յօդուածներու գրութեան, որոնք գիտնական մարդու իր հմտութիւնը ցոյց տուին, նոյնիսկ ամէնէն պարզ համարուած նիւթերու շուրջ: Ամէնէն պարզ կանոնը բարոյական կեանքի, գիտութեամբ բացատրելու իր աստուածատուր շնորհքը, նաեւ ամէնէն բարդ հարցերը պարզացնելու եւ հաւատացեալ մարդուն հասկնալի դարձնելու կարողութեամբ արտայայտութիւն կը գտնէր իր մօտ: Կարողութիւն՝ որ իր հաւատացեալ գիտնականի իր մեծութիւնը կը յայտնէր, միաժամանակ յարգանք պարտադրելով իր տարիներու վաստակին նկատմամբ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսած իր »Տէրունական աղօթքին մեկնութիւնը« ծաւալուն աշխատասիրութիւնը, մէկն է իր հաւատքի արցունքով գրուած հատորներէն: Սովորական մեկնաբանութիւնը չէ՛ անիկա Տիրաւանդ աղօթքին: Քրիստոնէական կեանքի ակունքներուն, մեր հայրերու լոյս հաւատքին, մեր ժողովուրդի պատմութեան անցքերուն, ու մեր տոհմային հոգեբանութեան հետ բաղդատաբար կատարուած խոր վերլուծում է անիկա, որուն աստուածաբանական ու հոգեբանական բարդ հարցերուն ներկայացման պարզութիւնը ինքնին, դոկտ. Գէորգ Խրլոպեանի մեծութեան դիմաց հանել կու տայ, իրաւ մեծութիւնը ճանչնալու կարողութիւն ունեցող բոլոր մեծ մարդոց գլխարկները:
Հաւատք ու գիտութիւն իր անձին մէջ ընդելուզած ու միազանգուած այս նշանաւոր ու մեծ հայուն մահուան առաջին տարելիցին առիթով գրուած մի քանի այս տողերը, իբրեւ խունկ թող ծխան իր շիրիմին, մինչ մեր աղօթքները իր հոգիի խաղաղութեան համար խունկի ծուէններուն հետ կը բարձրանան առ Արարիչն Աստուած:
Հաւատքը գիտութեամբ զօրացուցած, ու գիտութիւնը հաւատքով պայմանաւորած մեծանուն այս գիտնականին ներդրումը իր աշակերտներուն կեանքին մէջ, զինք կ՛անմահացնէ այսօր:
Երանական հանգի՜ստ իր հոգւոյն, երկնային օթեւաններուն մէջ: