
– Շաբաթ, Փետրուար 12ին, երեկոյեան ժամը 8:30էն սկսեալ, «Վելընթայնզ» տօնին առիթով տեղի պիտի ունենայ խրախճանք մը, միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ (19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306): Տոմսակներու սակը 50 տոլար է, առանց խմիչքի: Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (818) 831-4190 կամ (818) 422-1280 թիւերուն:
– Ուրբաթ, Փետրուար 18ին, երեկոյեան ժամը 8ին, միութեան մշակութային յանձնախումբին կազմակեպութեամբ տեղի պիտի ունենայ դասախօսական երեկոյ մը, որուն ընթացքին իր «Guilty Suntil Proven Innocent» գիրքը պիտի ներկայացնէ փրոֆ. Գագիկ Մելիքեան: Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ միութեան «Հրանդ Տինք» սրահին մէջ, վերոյիշեալ հասցէին: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (818) 800-1976 թիւին:
– Ուրբաթ, Մարտ 25ին, երեկոյեան ժամը 8ին միութեան մշակութային յանձնախումբին կազմակեպութեամբ տեղի պիտի ունենայ դասախօսական երեկոյ մը, որուն ընթացքին «Կոստանդնուպոլիս. Հայկական մարմնամարզութիւնը եւ մարմնակրթութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ» նիւթը պիտի ներկայացնէ Հայաստանի Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն դոկտ. Հայկ Տէմոյեանը: Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 800-1976 թիւին: