
Արեւմտեան թեմի Խնամակալութեան ծրագիրի յանձնախումբը հովանաւորած էր ճաշ-ընդունելութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, Յունուար 23ին, առաջնորդարանի «Արմէն եւ Կլորիա Համբար» սրահին մէջ: Ճաշի ընթացքին ներկայացուեցան այս տարուան ընթացքին տեղի ունենալիք հանգանակութիւններու ծրագիրը, որուն նպատակն է ապահովել եւ օժանդակել քահանայութեան թեկնածու սարկաւագներուն:
«Այս ծրագիրը (խնամակալութեան) երկրորդ ամէնէն կարեւոր ծրագիրն է թեմէն ներս», յայտարարեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, իսկ յանձնախումբի ատենապետ դոկտ. Վահրամ Պիրիճիք ըսաւ. «Այս ծրագիրի սկիզբէն ի վեր՝ 2004ին, ժողովուրդի օգնութեամբ հանգանակած եւ ծախսած ենք 1.5 միլիոն տոլար, որպէսզի հոգանք քահանայութեան թեկնածուներուն ծախսերը»:
Հիւրերը նաեւ առիթ ունեցան լսելու քահանայութեան թեկնածու չորս սարկաւագներէն երկուքին գնահատական վկայութիւնները:
Ներկաները վայելեցին ճաշը՝ հիւրընկալութեամբ տոքթ. եւ տիկին Նուպար եւ Այտա Սէթեաններու: Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ նուիրատուութիւն կատարելու համար, հեռաձայնել առաջնորդարան՝ (818) 558-7474 թիւով: