ՊԱՔՈՒ, «Նիուզ».- Ըստ «Թրենտ» գործակալութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն, 2011ին Ատրպէյճան մտադիր է սաստկացնել ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման համար միջազգային եւ տարածաշրջանային պատասխանատու կազմակերպութիւններուն վրայ գործադրուող ճնշումները: «Միջազգային կազմակերպութիւնները հաւատարիմ կը մնան ղարաբաղեան հակամարտութեան շուրջ իրենց դիրքորոշման, սակայն այդ հաւատարմութիւնը չի ծառայեր Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան», յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի հասարակական-քաղաքական բաժինի վարիչ Ալի Հասանով:
Անոր խօսքով, 2011ին Ատրպէյճան մտադիր է սաստկացնել նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի երկիրներուն վրայ ճնշումը: «Կ՛ամ անոնք հարցը կը լուծեն՝ Հայաստանի վրայ ճնշում գործադրելով, կ՛ամ Ատրպէյճանը սեփական տարածքները ազատագրելու համար կ՛օգտագործէ իր բոլոր աղբիւրները՝ միջազգային իրաւունքին համապատասխան», յայտարարած է Հասանով: