ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Դեկտեմբեր 30ին ՄԱԿի մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան կողմէ ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղարին հասցէագրուած նամակով մը տրամադրուած են տեղեկութիւններ՝ Նոյեմբեր 1էն Դեկտեմբեր 30 երկարող ժամանակահատուածին ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտման դէպքերուն մասին:
Ըստ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան տեղեկութիւններուն, նամակին մէջ նշուած է, որ Ատրպէյճան շարունակաբար կը չարաշահէ ՄԱԿի անդամակցութեան իր հանգամանքը՝ անամօթաբար վարկաբեկելու համար Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը:
Հակառակ Մինսկի խումբին գլխաւորութեամբ ընթացող բանակցութիւններու ոգիին եւ հակառակ ՄԱԿի կանոնադրութեան ու Հելսինքեան եզրափակիչ աքթին, ատրպեճանական կառավարութիւնը՝ յանձինս նախագահին եւ անոր զանազան ներկայացուցիչներուն, երկար ժամանակէ ի վեր կ՛իրականացնէ այլատեացութեան լայնածաւալ քարոզչական արշաւ՝ Հայաստանի եւ համայն հայութեան դէմ, ինչ որ լուրջ սպառնալիք է տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան համար:
Հայաստանը, ինչպէս եւ Մինսկի խումբի համանախագահները, մտահոգութիւն կը յայտնեն 2010ի ընթացքին ատրպեճանական սահմանախախտումներու թիւի աճին եւ հրադադարի խախտումներուն ուղղութեամբ, որոնց հետեւանքով, բոլոր կողմերէն զոհեր եղած են: Ատրպէյճան կը շարունակէ մերժել Մինսկի խումբի համանախագահներուն եւ ՄԱԿի Գլխաւոր քարտուղարին կոչերը՝ շփման գիծէն դիպուկահարներու հեռացման մասին, որոնցմէ վերջինը հնչած է Դեկտեմբեր 1ին, Ասթանայի մէջ, ԵԱՀԿի գագաթնաժողովի ծիրէն ներս:
Նամակը եւ կից նիւթերը տարածուած են իբրեւ ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդի եւ Ընդհանուր ժողովի փաստաթուղթ:
Նոյն օրը, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Էլտար Սապիրօղլու յայտարարած է, թէ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ Աստրախանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք, զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ լռութիւն կը տիրէ»։ Անոր խօսքով, «Երկու կողմերն ալ կը պահպանեն հրադադարը, եւ այդ պատճառով կորուստներ չկան»:
Սապիրօղլու նաեւ յայտարարած է, որ այս տարի արձանագրուած են հրադադարի խախտման հազարով պակաս դէպքեր. «Պաշտօնական Պաքուն չի համաձայնիր բանակցութիւնները յաւերժ շարունակելու առաջարկին: Հայաստանը կ՛երկարացնէ բանակցային գործընթացը, որպէսզի հակամարտութիւնը մնայ չլուծուած: Ասիկա, իր հերթին, լարուածութիւն կը ստեղծէ: Այդ լարուածութիւնը հետագային կրնայ ծանր հետեւանքեր ունենալ: Հայաստանի զինուորական ղեկավարութիւնը պէտք է լրջօրէն մտածէ այս մասին», ըսած է ան:
Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահները Ասթրախանի մէջ, Հոկտեմբեր 27ին կատարած էին միացեալ յայտարարութիւն մը. կողմերը համաձայնած էին «ռազմագերիներ փոխանակելու եւ զոհուածներու մարմինները վերադարձնելու» շուրջ: Բանակցութիւններ կ՛ընթանային Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ գտնուող զինուորական 8 ծառայողներու, քաղաքացիական 6 անձերու եւ 2 զոհերու դիակներուն վերադարձին կապակցութեամբ: