ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կուսակցութեան խմբակի ժողովին ընթացքին յստակ կերպով յայտարարեց, որ ո՛չ ներողութիւն պիտի խնդրուի Թուրքիայէն, ո՛չ ալ հատուցում պիտի վճարուի «Կապոյտ Մարմարա» նաւուն վրայ գործուած յարձակումին համար։
Իսրայէլացի վերլուծաբաններ կը յայտնեն, որ եթէ Իսրայէլ Թուրքիայէն ներողութիւն խնդրէ, ապա գետին պատրաստած պիտի ըլլայ, որ Թուրքիան միջազգային ատեաններու մօտ դատ բանայ յարձակումը գործած իսրայէլացի զինուորներու դէմ։
Նեթանիահու, այսպէս կտրուկ խօսելով հանդերձ, ըսաւ, որ Անգարայի հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.