ԱԹԷՆՔ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15ին, Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ կազմակերպուած բողոքի ցոյցերը քաոս ստեղծած են։ Յունական կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած տնտեսական կրճատումներու դէմ Աթէնքի մէջ բողոքող ցուցարարները յարձակումներ կատարած են շարք մը շէնքերու վրայ: Ոստիկանները փորձած են հանդարտեցնել բողոքի ցոյցին մասնակիցները, որուն պատճառով, երկու կողմերուն միջեւ տեղի ունեցած է կատաղի բախում մը. արձանագրուած են վիրաւորներ։
Յունաստանի պետական պաշտօնեաներու համադաշնութեան եւ Աշխատաւորներու միութիւններուն կողմէ կազմակերպուած ցոյցին ընթացքին, ցուցարարները քայլարշաւ կազմակերպած են դէպի Սինթակմա հրապարակ, ուր կը գտնուի Յունաստանի խորհրդարանի շէնքը։ Այդ ընթացքին, ցուցարարները «քոքթել մոլոթոֆ»ներ նետած են նոյն հրապարակին վրայ գտնուող երկու պանդոկներու վրայ։ Յարձակումին հետեւանքով, պանդոկները մեծ վնասներ չեն կրած, որովհետեւ հրշէջ ծառայութեան աշխատակիցները ժամանակին մարած են կրակը։ Այդ ընթացքին, ցուցարարները հրկիզած են 8 ինքնաշարժներ ու փորձած են հրկիզել նաեւ Յունաստանի ելեւմուտքի նախարարութեան շէնքը, սակայն ոստիկանութեան միջամտութեան արդիւնքով, ցուցարարները հրաժարած են իրենց մտադրութենէն։
Ցուցարարները խորհրդարանի շէնքին մօտ յարձակում գործած են Յունաստանի փոխադրութեան նախկին նախարար, Նոր ժողովրդավարութիւն ընդդիմադիր կուսակցութենէն երեսփոխան Քոսթիս Հաճիտաքիսի դէմ, եւ զինք ծեծած են մինչեւ ոստիկանութեան միջամտութիւնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.