ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Երկու անձեր, Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15ին, Իրանի հարաւարեւելքը գտնուող Չապահար քաղաքին մէջ շիիներու կրօնական մէկ արարողութեան ընթացքին իրենց վրայի ռումբերը պայթեցնելով մզկիթի մը մօտ՝ առնուազն 39 զոհ պատճառեցին։ «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սիւննիներու «Ճունտուլլա» կազմակերպութիւնը ստանձնած է Իմամ Հուսէյն մզկիթի մօտ տեղի ունեցած գործողութեան պատասխանատուութիւնը:
Զոհերուն շարքին էին կիներ եւ մանուկներ, որոնք կը մասնակցէին Մոհամմետ մարգարէի թոռան՝ Հուսէյնի, սպանութիւնը նշող կրօնական արարողութեան։
Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի յայտնեց, որ «Ամերիկա եւ սիոնական վարչակարգը այսպիսի ռմբահարումներ կազմակերպելով՝ շիիներու եւ սիւննիներու միջեւ թշնամանք կը փորձեն ստեղծել։ Անոնք պէտք է գիտնան, որ այդպիսի քայլեր անպատասխան պիտի չմնան»։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա բուռն կերպով դատապարտեց անձնասպանական գործողութիւնը՝ զայն նկատելով «քստմնելի ահաբեկչական արարք» մը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.