ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Դեկտեմբեր 15ին ընդունած է Միջազգային դրամական հիմնադրամի (IMF) հայաստանեան առաքելութեան նորանշանակ ղեկավար Մարք Հորթընը: Ընթացքին կողմերը դրական գնահատած են հիմնադրամին հետ Հայաստանի համագործակցութեան արդիւնքները եւ շնորհակալութիւն յայտնած՝ առաքելութեան արդիւնաւէտ աշխատանքին համար:
Զրուցակիցները անդրադարձած են ՀՀ տնտեսութեան զարգացման ուղղուած քայլերուն եւ տնտեսական քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններուն, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան զարգացման հեռանկարներուն:
Հիմնարկի ներկայացուցիչները վերահաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը օժանդակելու Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրներու իրականացման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.