ԿԱՐՕ ԳԱՍԱՊԵԱՆ
«Ասպարէզ»ի Նոյեմբեր 26-27ի համարին մէջ, «Գաղութի կեանքէն» բաժինով լաւագոյնս
տեղեկագրած էք Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ, Կիրակի Նոյեմբեր 14ին տեղի
ունեցած Պետրոս Ալահայտոյեանի «Բալուի եւ տարածաշրջանի երաժշտական, ազգագրական հաւաքածոյ» հատորին շնորհահանդէս-ներկայացումին մասին:
Արդարեւ, այդ երեկոյ, հանդիսավարը՝ յայտնի մտաւորական Սարգիս Մահսէրէճեանը, երաժշտագէտ, մայեսթրօ Վաչէ Պարսումեանը եւ «Ասպարէզ»ի խմբագիր Աբօ Պողիկեանը, արհեստավարժօրէն եւ մասնագիտական հմտութեամբ մեզի ներկայացուցին երաժշտաբան Պետրոս Ալահայտոյեանը ու անոր բազմամեայ տքնաջան աշխատանքի արգասիք հրատարակութիւնը՝ հեղինակը եւ իր երկը միանգամայն դարձնելով խիստ շահեկան:
Սոյն երկտողով կ՛ուզէի պարզապէս նշել, թէ այս ձեռնարկը կազմակերպած յանձնախումբը՝ Համազգայինի Կլենտէյլի մասնաճիւղը, «Ասպարէզ» օրաթերթը ու Կլենտէյլի հանրային գրադարանի հայկական բաժինի Վարիչ Էլիզապէթ Գրիգորեանը, արժանի է ամենայն գնահատանքի եւ շնորհաւորանքի:
Կ՛ուզէի նոյնպէս ուրախութեամբ յիշատակել, թէ հանդիսութեան աւարտին, այս գեղատիպ հատորին խնայուեցաւ «գինեձօն» կոչուած՝ գինիով լուալու անիմաստ եւ անհեթեթ խեղկատակութիւնը…
Նորթրիճ, Քալիֆորնիա