Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով, Կիրակի, Նոյեմբեր 28ին, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան պատարագեց եւ քարոզեց Լոս Անճելըսի Ս. Յակոբ Հայց. եկեղեցւոյ մէջ: Արարողութեան մասնակցեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արշակ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան: Նախքան քարոզը, Վաչէ արք. Յովսէփեան հաւատացեալներուն ծանօթացուց պատարագիչ սրբազան հայրը եւ յիշեց անոր կատարած եկեղեցանուէր եւ ազգանպաստ երկարամեայ գնահատելի ծառայութիւնները:
Պատարագիչ սրբազան հայրը տուաւ իր ոգեւորիչ պատգամը եւ անդրադարձաւ Արցախի մեր հերոս ժողովուրդին արձանագրած բազմաթիւ յաջողութիւններուն՝ շեշտելով տակաւին անոնց ունեցած անհամար կարիքները: Ան անգամ մը եւս բոլորին ուշադրութեան յանձնեց, թէ աւելի քան 200 գիւղերու բնակիչներ զուրկ են խմելու եւ որոգելու ջուրէ, ապա գոհունակութիւնը յայտնեց այն բանին համար, որ նուիրահաւաքը՝ թելեթոնը, յաջողութեամբ պսակուած էր:
Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը, ուր հաւատացեալները առիթ ունեցան զրուցելու եւ սրբազան հօր օրհնութիւնները ստանալու: Ապա առաջնորդը մեկնեցաւ Լոս Անճելըսի օդակայան՝ վերադառնալով Արցախ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.