Թրքական «Պուկիւն» թերթի համացանցային կայքին վրայ Ալի Աթըֆ Պիրի ստորագրութեամբ հրատարակուած յօդուածին մէջ կը կարդանք, որ «Պուրսասփոր» ֆութպոլի խումբի կողմնակիցները «Պեշիկթաշ» խումբին դէմ մրցումին ընթացքին նողկալի լօզունգներ արձակած են «Պեշիկթաշ»ի համակիրներուն ուղղութեամբ՝ պոռալով. «Հայ շուներ նեցուկ կը կանգնին «Պեշիկթաշ»ին»։
Յօդուածագիրը սուր քննադատութիւններով դիտել կու տայ, որ հայերու նկատմամբ ատելութիւն արտայայտող այս ցեղապաշտ խօսքերը ընդունելի չեն եւ հիմնուած են Ալեն Մարգարեան անունով հայու մը հետ պատահած դէպքին վրայ։
Ուշագրաւ էր, որ Թուրքիոյ ֆութպոլի դաշնակցութիւնը, փոխանակ «Պուրսասփոր»ը պատժելու, ընդհակառակը, կը պաշտպանէ զայն, որովհետեւ ա՛ն ալ իր շարքերուն մէջ ունի «Պուրսասփոր»ի կողմնակից անդամներ։
«Պուրսասփոր»ի համակիրները, վերջերս «Տիարպեքիրսփոր» խումբին հետ Պուրսայի մէջ կայացած մրցումին ընթացքին եւս, «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը դուրս» պոռացած էին: Ֆութպոլի դաշնակցութիւնը ասոր դէմ ալ լուռ մնացած էր:
Յօդուածագիրը կը յիշեցնէ, թէ ոչ մէկ զիջում պէտք է կատարուի այսպիսի ցեղապաշտ արտայայտութիւններու դիմաց, որովհետեւ ցեղապաշտութիւնը դէպի փլուզում կը տանի Թուրքիան։