ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հակառակ անոր, որ աւելի քան քսան տարիներ անցած են արդէն Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին, այսուհանդերձ՝ հայ քաղաքական մտքի հայրենական զարթօնքը կը շարունակէ պատանդ մնալ «մանկունակ» դեգերումներու եւ խարխափումներու շրջափուլին։
Պետական կառավարման եւ ընկերատնտեսական ղեկավարման առումներով՝ արժէքային նոր համակարգ մը հաստատուած է, անշո՛ւշտ, ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։
Մասնաւոր սեփականատիրութիւնը, ազատական ձեռներէցութիւնը, իրաւական պետութիւնը եւ ժողովրդավարական հասարակարգը, առնուազն իբրեւ պաշտօնական առաջադրանք եւ հանրապարտադիր ուղղութիւն, արդէն փոխարինած են սնանկացման եւ փլուզման հետեւանքով պատմութեան գիրկը նետուած խորհրդային ամբողջատիրութեան «արժէքային համակարգ»ը։
Իբրեւ այդպիսին, Երկբեւեռ Աշխարհակարգի փլատակներուն վրայ կազմաւորուած Նոր Աշխարհակարգը, միաբեւեռ թէ բազմաբեւեռ զարգացման իր խմորումներով, անշուշտ որոշակի բացատրութիւններ կ՛ընձեռէ Հայաստանի Հանրապետութեան մերօրեայ հունաւորումը պայմանաւորած ընդհանրական գործօններուն եւ ազդեցութեանց մասին։
Ինչպէս յետ–խորհրդային դարաշրջանը թեւակոխած տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդներն ու երկիրները, Հայաստանն ու հայութիւնը եւս կրեցին շեշտակի ազդեցութիւնը աշխարհաքաղաքական թէ գաղափարախօսական այն ընդհանուր խմորումներուն, որոնք միջազգային ընդգրկումով թափ առին 1980ականներու վերջերուն եւ 1990ականներու սկզբնաւորութեան։
Ընդհանուր այդ հոսանքին անդրադարձն են, անկասկա՛ծ, հայ քաղաքական մտքի հայրենական մերօրեայ դեգերումներուն եւ խարխափումներուն մէջ երեւան եկած գաղափարախօսութեանց եւ կուսակցութեանց մերժումը, պետութեան տնտեսական դերակատարութեան կամապաշտ վերարժեւորումը, քաղաքացիական հասարակութեան եւ ժողովրդավար մասնակցողականութեան մասնատումն ու մանրացումը՝ այսպէս կոչուած ոչ–կառավարական, նեղ– հատուածական եւ աղանդաւորական շարժումներու ու կազմակերպութեանց սնկատիպ առաջացումով ու տարածումով։
Բայց համաշխարհային զարգացումներու հետեւանք այդ նորայայտ «արժէքներ»ն ու ուղղութիւնները տակաւին կը մնան, գաղափարական ընդհանրացումներու առումով, իրենց սաղմնային խմորման փուլին մէջ։ Դեռ չեն գտած, հայ քաղաքական մտքի ազգային ու պատմական զարգացման հունին մէջ տեղաւորուելու իմաստով, իրենց գաղափարական դէմքն ու աւարտուն տեսքով աշխարհայեացքը։
Ուշագրաւն ա՛յն է, որ գաղափարախօսական հասունացման ու ինքնահաստատման այդ ձգտումն անգամ զգալի չէ հայաստանեան նորայայտ քաղաքական ուժերուն եւ գաղափարական հոսանքներուն մօտ։
Աւելի՛ն. արդէն առաջացած է ու հիմնաւորուած այն տպաւորութիւնը, որ Արցախեան պահանջատիրութեան եւ Հայաստանի վերանկախացման համաժողովրդական շարժման հետ ի յայտ եկած ուժերուն մեծ մասը, շեշտակիօրէն անհատ գործիչներու շուրջ կազմաւորուելով, իր առաջին քայլերէն իսկ հետամուտ եղաւ Գաղափարաբանութիւն արժէքը հարուածելու եւ գաղափարական ամբողջական դէմքով յատկանշուող Կուսակցութեանց վերածնունդը արգելակելու պայքարին։
Ատենին լուրջի չառնուեցաւ այն հետեւողական ճիգը, որ դրսեւորուեցաւ բեմահարթակները գրաւած նորայայտ ուժերուն կողմէ՝ ընդդէմ Կուսակցականութեան եւ Գաղափարաբանութեան։ Երբ օրին կատաղի պայքար մղուեցաւ յանուն «Հայոց համազգային շարժում»ի կազմաւորման եւ ընդդէմ մէկ ու միաձոյլ կուսակցութեան առաջացումին, փաստօրէն թերագնահատուեցաւ հայ քաղաքական մտքի հայրենական նորայայտ ուժերը վարակած հակագաղափարական մոլեռանդութիւնը։ Նոյնիսկ հող գտաւ այն լաւատես ինքնախաբէութիւնը, որ 1890ականներու շրջափուլին ներշնչումով՝ նորօրեայ «հայ յեղափոխականներու դաշնակցութիւն» մը կազմաւորելու ուղին ընտրած էին «Հայոց համազգային շարժում»ին նախաձեռնողները…
Արդէն աւելի քան քսան տարի անցած է այդ ժամանակներէն ասդին եւ այսօր աւելի քան պարզ ու յստակ է, որ Նոր Աշխարհակարգի հիմքին գտնուող միջազգային Պահպանողականութեան ներշնչումով՝ նաեւ հայրենի քաղաքական նորայայտ ուժերուն տիրական թեւը տենդագին լծուած էր գաղափարախօսական իր ինքնահաստատման պայքարին։ Պահպանողականութեան վերադարձի պայքարի մղուեցաւ ճիշդ այն շրջանին, երբ Արցախի ազատագրութեան ռազմաճակատներուն վրայ, հայ քաղաքական միտքը վերազարթնումի իր օրհասական երկունքը կ՛ապրէր։
Ժամանակն է, այլեւս, որպէսզի Պահպանողականութեան մերօրեայ «յաղթարշաւ»ը մերկացուի իր ստեղծած ու տարածած թիւր տպաւորութիւններէն։ Անշուշտ որ իր սկզբնաւորման փուլին հայ քաղաքական մտքի հայրենական զարթօնքը իր մէջ ունէր ուժականութիւնը ազգային մեր ժառանգութեան տէր կանգնելու, մանաւանդ հայ ազգային–ազատագրական շարժման գաղափարական աւանդները վերանորոգելու յանձնառութեան։ Նոյնիսկ «Հայոց համազգային շարժում» առաջացնելու ճիգին մէջ, անուրանալիօրէն, գոյութիւն ունէր եւ վարակիչ էր 19րդ դարավերջի յեղափոխական զարթօնքը նորովի շղթայազերծելու վճռականութիւնը։ Բայց միջազգային եւ տարածաշրջանային բազմերանգ ու բարդ գործօններու բերմամբ, Պահպանողականութիւնը ի վիճակի եղաւ նորանկախ մեր պետականութիւնը իր հակակշռին տակ առնել եւ հիմա, ահա՛, Հայաստանն ու հայութիւնը բռնուած են Պահպանողականութեան երկու թեւերուն միջեւ՝ մէկ կողմէ ՀՀՇական իբր թէ «ազատական» Պահպանողականութիւնը, իսկ միւս կողմէ Հանրապետական իբր թէ «ազգային» Պահպանողականութիւնը։
Պահպանողականութեան զոյգ թեւերը անշուշտ կը հանդիպին իրարու, երբ խորհրդային ամբողջատիրութիւնը մերժելու հասարակ յայտարարին կը միացնեն նաեւ ուղղակի թէ անուղղակի մերժումն ու «վարկազրկման» ճիգը հայ յեղափոխական շարժման գաղափարական աւանդներուն։
Այդ առումով ալ պատահական չէ, որ հայ քաղաքական մտքի մերօրեայ դեգերումներն ու խարխափումները, ՀՀՇական թէ Հանրապետական թեքում ունենան անոնք, յատուկ «խանդաղատանքով» երկրորդ կեանքի ու գաղափարախօսական շրջանառութեան կ՛ուզեն արժանացնել հայ ազգային–ազատագրական շարժման «ուշացած մարգարէն»՝ պատմաբան եւ հասարակական գործիչ Լէոն։
Յատկապէս «Անցեալի յուշերից» խորագրով խորհրդային տարիներուն գրուած Լէոյի տխրահռչակ գործը, աւետարանական մասունքի պէս, գաղափարախօսական ուղեցոյց դարձած է մերօրեայ Պահպանողականութեան համար։ Կը բաւէ «Հայ Ազգային Գաղափարախօսութիւն» նիւթով համացանցային փնտռտուքի պատուէր ուղղել, որպէսզի դէմ յանդիման գտնուինք հայ պահպանողականներու կողմէ համացանց նետուած Լէոյի հետեւեալ կտակին (գրուած 1920ականներու վերջերուն).
«… Ամէն ինչ մնաց հինը: Մենք ունէինք լաւ խմբապետներ, բայց չունէինք քաղաքական առաջնորդներ: Եւ այդ խմբապետները մարդիկ էին, որոնց համար մեծագոյն պատուանունը սուլթանական «փաշա» անունն էր. դրա՛նք պիտի լինէին նաեւ քաղաքական առաջնորդներն ու պաշտպանէին հայ ժողովրդի շահերն այնպիսի միջավայրում, ուր խօսքը մաուզերին կամ մոսինին չէր պատկանում, այլ քաղաքականապէս կրթուած, հասարակագիտական լուրջ պատրաստութեամբ ամուր եւ ուժեղ մտքին: Այսպէս էր մեր աղքատութիւնը: Նոր միայն զգացւում է, թէ որքան մեր կեանքը տասնեակ տարիների ընթացքում խեղաթիւրել եւ անդամալուծել է հայդուկային աշխարհավարութիւնը: Մեր լաւագոյն երիտասարդութիւնը թուրքական բանտերի եւ կախաղանների կերակուր էր դառնում, եւ մեր միտքը գնալով գօսանում էր, շաբլոնական միանմանութեան էր ստրկանում՝ գրեթէ ոչինչ տեղ չթողնելով ինքուրոյն աշխատանքի, պրպտումների, որոնումների համար: Սասունի, Վասպուրականի լեռները հայ ֆիդայիների դիրք դառնալով՝ կուլտուրական աշխատանոցներ, մտքի մարզարաններ չէին դառնում իհարկէ, այլ աւելի նեղացնում էին մտաւոր հորիզոնը՝ ամէն շահ եւ մտածմունք կենտրոնացնելով հրացանի բլթակի վրայ: Եւ ահա, երբ եկան նոր օրեր՝ նոր եւ մեծ պահանջներով լեցուն, դարձեալ նոյն լեռներից իջած, բլթակի շահերով ապրող մարդիկ եկան մեզ առաջնորդելու նոր պայմանների մէջ: Հասկանալի է, որ մենք պիտի թոյլ լինէինք, պիտի պարտուէինք, եւ ոչ մէկ ուրիշը»…
Ահա՛ «Այբուբեն»ը հայ քաղաքական մտքի մերօրեայ՝ «Պահպանողական» գաղափարախօսներուն, որոնք Հայաստանի առաջին նախագահին Յունիս 1992ի հակադաշնակցական ծանօթ «բորբոքում»էն ի վեր, հետեւողականօրէն ճիգ կը թափեն «վարկազրկելու» հայ ազգային–ազատագրական շարժման գաղափարախօսութիւնը։
Նոյն այդ Պահպանողական գաղափարախօսութեան «Այբուբեն»էն ներշնչուելով եւ Լէոյի թխած «Հայդուկային աշխարհավարութեան» դէմ սուր ճօճելով է, որ անհամատեղելի կը հռչակուին «ազգային գաղափարախօսութիւն»ն ու «պետական մտածողութիւն»ը։
Այո՛, ժամանակն է, նոյնիսկ ուշ է արդէն, որպէսզի արժանի խորութեամբ եւ տարողութեամբ դիմագրաւուի հայկական Պահպանողականութեան երկրորդ գրոհը հայ յեղափոխական մտքի ժառանգութեան դէմ։