«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7ին, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական Միութիւն-Ռուսիա գերաստիճանին ընթացքին քննուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կարգաւորման հարցը։
Եւրոպական Միութեան նախագահ Հերման Վան Ռոմփուի, Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է. «Մենք ընդգծած ենք, թէ շատ կարեւոր է, որ Ղարաբաղի հարցով ուսումնասիրուին Մինսկի խմբակի առաջարկները՝ խնդիրը իսկապէս խաղաղ ճանապարհով կարգաւորելու համար։ Մենք շատ պիտի ուզէինք, որ նախագահ Մետվետեւ նպաստէր խնդիրի խաղաղ կարգաւորման»։
Մետվետեւ իր կարգին ըսած է. «Մենք այսօր իսկապէս խօսած ենք Մերձտնեսթրի եւ Ղարաբաղի մասին, եւ անպայման պիտի շարունակենք քննարկումները։ Յոյսով եմ, որ քննարկումները պիտի մօտեցնեն այդ բարդ խնդիրներու կարգաւորման թուականը»։
Եւրոպական Միութիւն-Ռուսիա վեհաժողովի ընթացքին հիմնական հարցն էր Առեւտուրի միջազգային կազմակերպութեան Ռուսիոյ անդամակցութիւնը, որուն շուրջ երկու կողմերուն միջեւ համապատասխան փաստաթուղթ ստորագրուած է, եւ Ռուսիան ստացած է Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը։ Ռուսիա նախապէս այդ հարցով ստաձած էր նաեւ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը։
Նշենք, որ Վրաստանը դէմ է Ռուսիոյ անդամակցութեան, եւ Երեքշաբթի օր Թիֆլիսի կողմէ այդ կեցուածքը յիշեցնող յայտարարութիւններ կատարուեցան։