
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Յայտնի բեմադրիչ Հալտուն Տօրմէն վերջերս ուշագրաւ քայլ մը առած էր՝ բեմադրելով թրքերէն թատերախաղ մը քրտերէնի թարգմանուած ձեւով։ Այդ նախաձեռնութիւնը մեծ գոհունակութիւն ստեղծած էր քրտական շրջանակներէ ներս. ողբացեալ քիւրտ երգիչ Ահմետ Քայայի կողակիցը ըսած էր. «Երանի թէ այս բոլորը կատարուած ըլլային յիսուն տարի առաջ»։
Հալտուն Տօրմէն այժմ կը պատրաստուի բեմադրելու նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան առնչուող թատերախաղ մը։ Ան ճամբայ կ՛ելլէ Նեճտեթ Պայընտըրի կողմէ գրի առնուած պատմուածքով մը։ Թատերախաղին մէջ ոեւէ մէկուն հասցէին որեւէ ամբաստանութիւն չկայ, այլ անիկա Վանի մէջ տեղի ունեցած սիրային պատմութիւն մըն է, ուր կը պատմուի, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս փճացուցած են գեղեցիկ կեանքը ու աշխարհը վերածած են դժոխքի։ Այս խաղը հաւանաբար պիտի բեմադրուի յառաջիկայ Ապրիլ 24ին։