ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող ազգային երեք կուսակցութիւններու՝ Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան, շրջանային մարմիններու ներկայացուցիչներէն կազմուած եռանդամ պատուիրակութիւն մը, անցեալ Երկուշաբթի, 7 Դեկտեմբերին, նախապէս առնուած ժամադրութեամբ այցելեցին Լոս Անճելըսի մօտ Լիբանանի հիւպատոսարանը, եւ հիւպատոս տիկին Մատոննա Աուն-Ղազալին փոխանցեցին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի Լիբանան այցելութեան առթիւ՝ տեղւոյս հայ համայնքին մտահոգութիւնները:
Պատուիրակութիւնը Մ. Ղազալին փոխանցեց ամերիկահայութեան մտահոգութիւնները բանաձեւող յուշագիր մը, որ պիտի փոխանցուի Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան:
Լիբանանի ու անոր ժողովուրդին հանդէպ թրքական կեղծ ու շահախնդիր քաղաքականութեան մասին ազդարարող յուշագիրը հիւպատոսին յանձնող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Յակոբ Նազարեան (ՌԱԿ), Գաբրիէլ Մոլոյեան (ՍԴՀԿ) եւ Վարուժ Ուրֆալեան (ՀՅԴ):