ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Դեկտեմբեր 8ին լրագրողներու հետ կայացած հանդիպման մը ընթացքին, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արմէն Ռուստամեան նշած է, թէ Հայաստանի մէջ կայ ժողովրդավարութեան հիմքերու խաթարման երկու պատճառ, որոնցմէ առաջինը, ըստ Ռուստամեանի, Հայաստանի մէջ իրականացող ընտրութիւններուն ժողովրդավարական եւ միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն չհամապատասխանելն է, իսկ երկրորդը՝ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներ չիրականացնելը:
ՀՅԴ ներկայացուցիչին տեղեկութիւններով, նշեալ պատճառներուն հետեւանքով, Հայաստանի մէջ ձեւաւորուած է ոչ թէ ժողովուրդի իշխանութեան համակարգը, այլ՝ հարուստներու իշախանութիւնը՝ «պլուտոկրատիա»ն:
Ռուստամեան նաեւ նշած է, որ այդ բոլորին իբրեւ հետեւանք, ստեղծուած է ներհասարակական ճգնաժամ՝ երկու մակարդակի վրայ՝ իրաւական եւ հասարակական-քաղաքական, որոնց առաջինին պարագային, կայ «տէ իւրէ» ամրագրուած կարգ, բայց իրականութեան մէջ կը գործէ չգրուած օրէնքը, որուն հնարաւոր չէ դիմադրել Հայաստանի մէջ: Օրինակի համար, խորհրդարանական ընդդիմութիւնը կրնայ այս հարցով դիմել Սահմանադրական դատարան, սակայն ընդդիմադիր պատգամաւորները կը կազմեն ընդհանուրին 1/5 մասը, եւ չեն կրնար հարցը բարձրացնել այդ ատեանին մէջ:
Ա. Ռուստամեան յայտնած է, որ երկիրը երկատուած է, եւ կայ փոքրամասնութեան ու մեծամասնութեան պետութիւններ. «Փոքրամասնութիւնը արտօնեալների այն խաւն է, որն այնքան արտօնեալ է, որ կարող է օրէնքներ գրել իր համար ու շրջանցել գրուած օրէնքները: Եւ կայ մեծամասնութեան պետութիւն, որին անտէրութեան են մատնել», ըսած է ան ու հաւաստիացուցած, որ երկիրին մէջ ստեղծուած է այնպիսի իրավիճակ, որ պետութիւնը, իշխանութիւնը եւ կուսակցութիւնը (իշխանական) կը նոյնացուին: Այս բոլորին իբրեւ հետեւանք, Ռուստամեանի համաձայն, հասարակութեան եւ իշխանութեան միջեւ ճեղք գոյացած է, եւ շատերը, անարդարութիւններէ խուսափելու համար կ՛արտագաղթեն:
«Հայաստանին պէտք է ոչ թէ անձերի, այլ համակարգի կտրուկ փոփոխութիւն», նշած է ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արմէն Ռուստամեան, որուն խօսքերով, իշխանափոխութեան ճանապարհին պէտք է արմատախիլ ընել իշխանութեան վերարտադրման համակարգը եւ ձեւաւորել ընտրական համակարգ, ստեղծել ժողովրդավարացման համար անհրաժեշտ միջավայր եւ իրականացնել իշխանութեան ապակեդրոնացում:
ՀՅԴ կ՛առաջարկէ ամրագրել խորհրդարանական համակարգի սկզբունքը, քանի որ նախագահական համակարգը մեծ վտանգ կը պարունակէ մեր հասարակութեան համար: Ըստ Ռուստամեանի, պէտք է վերացնել պատգամաւորներու անձեռնմխելիութիւնը, պէտք է աշխատիլ նաեւ հասարակութեան հետ եւ բարձրացնել անոր՝ իր իրաւունքներու գիտակցման մակարդակը: Քաղաքացին պէտք է ընտրելու իր իրաւունքը ամէն ինչէ վեր դասէ, որուն արդիւնքով, իշխանութիւն կը ստանայ ժողովուրդը եւ ոչ թէ «ինչ-որ «թայֆաներ»»:
ՀՅԴ անդամը նաեւ յայտնած է, թէ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան բաղադրիչները չեն գործեր։ «Ժողովրդավարութեան առաջին բաղադրիչը ներկայացուցչական ժողովրդավարութիւնն է: Այս դէպքում խօսքը վերաբերում է խորհրդարանին, որը պէտք է հակակշռի գործադիր իշխանութեանը։ Մեր խորհրդարանը չի ներկայացնում իրական իրավիճակը: Խորհրդարանը ոչ թէ թոյլ է, այլ պարզապէս անկարող է Գործադրին մօտ: Եթէ տեսնենք, թէ որքա՛ն օրէնսդրական նախաձեռնութիւններ են ծնւում ԱԺում, եւ որքա՛նն է բերւում կառավարութիւնից, մէկը տասի է», ըսած է Ա. Ռուստամեան, որուն խօսքով, խորհրդարանին մէջ կան «ժողովրդի անտեսանելի ներկայացուցիչներ», որոնք պէտք է ժողովուրդին խօսքը բարձրաձայնեն, սակայն անոնք չեն երեւիր. անոր հաւաստումով, պատգամաւորներուն միայն 25-30 տոկոսն է, որ իսկապէս կը զբաղի ժողովուրդի խնդիրներով:
Միւս բաղադրիչը, ըստ ՀՅԴ ներկայացուցիչին, մասնակցայինն է, որուն պարագային, հասարակութիւնը պէտք է կարենայ ազդել երկրին մէջ ընդունուող բոլոր որոշումներուն վրայ: Երրորդ բաղադրիչը՝ անմիջական ժողովրդավարութիւնն է, երբ ժողովուրդին կարծիքը պէտք է արտայայտուի ընտրութիւններու եւ հանրաքուէներու միջոցով: Սակայն, ըստ Ռուստամեանի, այս համակարգն ալ չէ կայացած Հայաստանի մէջ, քանի որ ժողովուրդին կարծիքը հաշուի չ՛առնուիր:
«Երկիրը պէտք է զարգանայ՝ չզիջելով: Եւ չզիջելու համար պահանջւում է զարգանալ: Սրա համար անհրաժեշտ է համազգային ներուժի կուտակում եւ դրա արդիւնաւէտ կիրառումը», յայտնած է ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը:
Լրագրողներու հետ կայացած հանդիպման ժամանակ, Արմէն Ռուստամեան նաեւ տեղեկացուցած է, թէ Դեկտեմբեր 9ին ՀՅԴ կը կազմակերպէ «Ժողովրդավարութեան մարտահրաւէրները եւ պետականաշինութիւնը Հայաստանում» խորագրեալ միջազգային խորհրդաժողովը, որուն ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան յայտնի քաղաքական գործիչներ եւ փորձագէտներ՝ Աւստրիայէն եւ Յունաստանէն: Զեկոյցներով հանդէս կու գան նաեւ ՀՀ Սահմանադրական դատարանն ու Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը:
Խորհրդաժողովի ընթացքին նաեւ կը խօսուի ժողովրդավարութեան կարեւորութեան եւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ներկայ իրավիճակին մասին, ու առաջարկներ կ՛ըլլան՝ իրավիճակը շտկելու առնչութեամբ: