
ԵՐԵՒԱՆ.- Դեկտեմբեր 8ի երեկոյեան, Երեւանի քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեան հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին։ Նշենք, որ Գագիկ Բեգլարեան ծեծի ենթարկած էր Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի արարողակարգի բաժինի աշխատակից Արամ Կանդայեանը։ Այս միջադէպին մասին լուրը հաստատուած է նախագահի մամլոյ խօսնակ Արմէն Արզումանեանի կողմէ:
«Այո, ցաւօք, միջադէպ տեղի ունեցել է: Ի հարկէ, մեր մամուլը դէպքերի իր նկարագրութեան մէջ դրանք չափազանցել է: Մասնաւորապէս, չի եղել ոչ առեւանգում, ոչ էլ դաժան ծեծ: Բայց այդպիսի դէպք, իսկապէս, տեղի ունեցել է», ըսած է Արզումանեան եւ աւելցուցած. «ՀՀ նախագահը բազմիցս արտայայտել է իր յստակ դիրքորոշումը նմանօրինակ արարքների վերաբերեալ: Այդպիսի վարքագիծն անընդունելի է եւ անհանդուրժելի: Իսկ պետական պաշտօնեայի դէպքում՝ առաւել եւս»:
Դեկտեմբեր 3ին, Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային դահլիճին մէջ կայացած աշխարհահռչակ սպանացի թենոր Փլաչիտօ Տոմինկոյի համերգին, այլ պաշտօնատար անձանց կողքին, հրաւիրուած էր նաեւ Երեւանի քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեանը։ Վերջինս, սակայն, չկարենալով ներկայ ըլլալ համերգին՝ իր հրաւիրատոմսով համերգը ունկնդրելու գացած են իր կինն ու անոր ընկերուհին, որոնք նստած են այն աթոռին մօտ, ուր պէտք էր նստեր նախագահ Սերժ Սարգսեան: Սակայն, ըստ արարողակարգի, Սարգսեանի կողքին կրնան նստիլ ոչ թէ հրաւիրեալներուն կիները, այլ՝ բարձրաստիճան հիւրերը, հետեւաբար, արարողակարգի բաժինի աշխատակից Արամ Կանդայեան մօտեցած է Բեգլարեանի կնոջ եւ խնդրած՝ ընկերուհիին հետ մէկ աթոռ հեռու նստիլ: Այդ խնդրանքը խիստ վիրաւորած է Բեգլարեանի կինը, որ, ըստ երեւոյթին, գանգատած է իր ամուսնոյն, իսկ վերջինս, ըստ շրջանառուող լուրերու, նախագահականէն քանի մը վայրկեանով դուրս հրաւիրած է Կանդայեանը եւ նստեցնելով իր ինքնաշարժին մէջ՝ հարուածած է անոր դէմքին՝ ըսելով. «Դու ո՞վ ես, որ իմ կնոջն ասես, թէ ո՛ւր նստի»: Միջադէպը վրդովեցուցած է նախագահ Սարգսեանը, որ, ըստ տարաձայնութիւններու, մերժած է Բեգլարեանը լսել: Երէկ երեկոյեան, Երեւանի քաղաքապետարանը ընդունած է քաղաքապետին հրաժարականը: «Հետք»ը կը հաղորդէ, որ երէկ երեկոյեան, փոխքաղաքապետ Տարօն Մարգարեան հրաւիրուած է նախագահական պալատ: «Հետք»ի կարծիքով, Երեւանի յաջորդ քաղաքապետը կրնայ ըլլալ նոյնինքն փոխքաղաքապետը, որ նախկին վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանի որդին է:
«Երեւան քաղաքում տեղական ինքնակառավարման մասին» օրէնքի համաձայն՝ Երեւանի քաղաքապետի առաջին տեղակալը՝ Տարօն Մարգարեանը, ժամանակաւորապէս կը ստանձնէ քաղաքապետի պարտականութիւնները: Երեւանի նոր քաղաքապետը քաղաքի աւագանիին կողմէ պէտք է ընտրուի ամէնէն ուշը մինչեւ 2011ի Յունուար 8ը: