24 Ապրիլին, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած էր հետեւեալը. «Այսօր` Ապրիլ 24ին, յարգանքի տուրք կը մատուցենք Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Այս օրը կը յիշեցնէ, որ մենք պէտք է մեր ուժերու սահմաններուն մէջ ամէն ինչ ընենք, որպէսզի կանխենք այսպիսի վայրագութիւններու կրկնութիւնը»։
Օրուան երկրորդ կիսուն, առաքելութիւնը «Էքս»ի իր էջէն վերցուց Հայոց Ցեղասպանութեան 110րդ տարելիցին մասին գրառումը, որ «ցեղասպանութիւն» բառը կը բովանդակէր, ապա տեղադրեց նոր գրառում մը, որուն մէջ կը բացակայի «ցեղասպանութիւն» բառը, որուն փոխարէն կ՛ըսուի, որ «առաքելութիւնը յարգանքի տուրք կը մատուցէ 1915-23 թուականներու հայ զոհերու յիշատակին»:
