ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Խորհրդարանէն իր ստացած առաջարկներուն հիման վրայ, Հայաստանի կառավարութիւնը վերամշակած է 2011ի պետական պիւտճէին նախագիծը եւ զայն կրկին ուղարկած Ազգային ժողով։ Վերամշակուած ամավարկը յաջորդ շաբաթ կը հաստատուի արտահերթ նիստով:
Ընդհանուր առմամբ, պատգամաւորները ներկայացուցած են 616 առաջարկ: Ըստ կառավարութեան տարածած հաղորդագրութեան, առաջարկներուն մէկ երրորդէն աւելին ընդունուած է:
Վերամշակուած պետական պիւտճէին մէջ եկամուտներն ու ծախսերը աւելցած են 2.5 միլիառ դրամով (շուրջ 7 միլիոն տոլար), ինչ որ կը նշանակէ, թէ առաջին անգամ ըլլալով պիւտճէին ծախսային մասը կը գերազանցէ 1 եռիլիոն դրամը՝ կազմելով 1001 միլիոն դրամ (շուրջ 2.8 միլիառ տոլար):
Եկամտային մասը յատկապէս աւելցած է դրամաշնորհներու հաշւոյն. ամավարկին մէջ ներկայացուած է եկամուտի նոր աղբիւր՝ կապուած «Մաքրոտնտեսական աջակցութիւն» դրամաշնորհին հետ (1.2 միլիառ դրամի չափով): Փոխարէնը, նուազած է «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» դրամաշնորհը 330 միլիոն դրամով:
Ամավարկի ծախսային մասին մէջ կատարուած են ե՛ւ կրճատումներ, ե՛ւ յաւելումներ, ինչպիսին է ոռոգման համակարգերուն տրուած պետական օգնութեան կրճատումը 500 միլիոն դրամով: Միւս կողմէ, շուրջ 6 միլիառ դրամով աւելցած է ուժային նախարարութիւններուն յատկացուած նիւթական աջակցութիւնը, որուն 80 տոկոսէն աւելին պիտի ուղղուի պաշտպանութեան նախարարութեան: