Էջը Պատրաստեց՝ ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ
«Ես այսօր այս գործը կ՛ընեմ, որովհետեւ պարտք կը զգամ մեր ժառանգութիւնը փոխանցել ուրիշներուն»
Վերջին տարիներուն, գաղութէս ներս յայտնի դարձած է Մակի Սթիլեանը (Maggie Tune), իր մանկական երգերու խտասալիկներով, տեսաերիզներով եւ զանազան բեմերէ տուած իր ելոյթներով:

Դեկտեմբեր 5ի յետմիջօրէին ժամը 5ին, Նոր տարուան սեմին իր մանկական նոր ներկայացումով, Մակին ելոյթ պիտի ունենայ «Lanterman Auditorium» բեմէն:
Այս առթիւ Ճորճ Ատուրեան Մակիին հետ ունեցաւ զրոյց մը, զոր ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ.
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Պատմեցէք ձեր անցեալի ենթահողին մասին. ինչպէ՞ս հասաք այն կէտին, երբ որոշեցիք ասպարէզ ընտրել մանուկներու աշխարհէն ներս գործելը՝ բեմադրելով մանուկներու յատուկ ելոյթներ, պատրաստելով եւ հրապարակելով մանկական երգեր:
ՄԱԿԻ ԻՍԹԻԼԵԱՆ.- Մանկութենէս ի վեր մեծ սէր ունեցած եմ արուեստին նկատմամբ։ Մաս կազմած եմ Լիբանանի մէջ մանկական զանազան երգչախումբերու՝ ղեկավարներ ունենալով Ալեքսան Մնակեանը, Սարգիս Փանոսեանը եւ Վաչէ Պարսումեանը։ Հետեւած եմ Լիբանանի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի դասական երաժշտութեան պատմութեան, «թիօրի»ի (theory) եւ «սոլֆէժ»ի դասընթացքներու, եւ իբրեւ գործիք ընտրած եմ դաշնամուրը եւ կիթառը։
Նաեւ դերեր վերցուցած եմ տարբեր թատերախումբերու մէջ, եւ տասը տարի պարած եմ Համազգայինի «Քնար» պարախումբին մէջ։
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Արդեօք հետեւա՞ծ էք արուեստի ճիւղերէն բացի այլ ուսումի, կամ աշխատած էք այլ ասպարէզէ ներս:
ՄԱԿԻ ԻՍԹԻԼԵԱՆ.- Աւարտած եմ հաշուապահական ճիւղը, եւ այդ ճիւղին մէջ աշխատած եմ 15 տարի։ Եղած եմ հայերէն լեզուի ուսուցչուհի եւ պարուսոյց։
Մանկական աշխարհ մտնելէ ետք ստիպուած եղայ այս բոլոր աշխատանքները դադրեցնել եւ կեդրոնանալ միայն այս ճիւղին վրայ։
Աշխարհի մէջ կան երաժշտական տարբեր ճիւղեր, որոնցմէ մէկը մանկականն է, եւ ես շատ ուրախ եմ, որ այդ ճիւղը ընտրած եմ, որովհետեւ անիկա չափազանց անհրաժեշտ է, մանաւանդ՝ Սփիւռքի մէջ։
Մենք ունինք մանկական երգերու շատ լաւ մեկնաբաններ. սակայն մեր աշխատանքը բաւարար չէ. ուրիշներ ալ պէտք է աշխատին, որպէսզի միասնաբար կարենանք մանկական երգացանկը հարստացնել։
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս կ՛ընտրէք ձեր համերգներու երգերն ու պատմութիւնները:
ՄԱԿԻ ԻՍԹԻԼԵԱՆ.- Անիկա կախում ունի տօնական օրերէն եւ այլ առիթներէ։ Կ՛անդրադառնամ հայկական աւանդութիւներուն՝ փոխանցելով օրուան պատգամը։ Ես այսօր այս գործը կ՛ընեմ, որովհետեւ պարտք կը զգամ մեր ժառանգութիւնը փոխանցել ուրիշներուն։ Օտար երաժշտութիւնները կ՛ազդեն մեր երեխաներուն վրայ. մենք հոս պարտաւորութիւններ ունինք մանուկներուն նկատմամբ. անոնց մէջ փոքր տարիքէն հայկական երաժշտութեան հանդէպ սէր պէտք է ստեղծե՛նք, տա՛նք հայ բառը եւ rhythm-ը:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս կը մշակէք ձեր ներկայացումները՝ երաժշտութեան, պարերու, երգերու եւ դերասանութեան համադրումը:
ՄԱԿԻ ԻՍԹԻԼԵԱՆ.- Ընդհանուր ելոյթի կազմակերպչական եւ խումբի բեմական աշխատանքները ես առանձինն կը կազմակերպեմ, եւ կը կատարեմ երգերու ընտրութեան, բեմականացման, տարազներու եւ բեմայարդարումի աշխատանքը: Իսկ ելոյթի օրերուն, խումբիս ծնողաց յանձնախումբը եւ բարեկամներ իրենց աջակցութիւնը կը բերեն «թեքնիք» աշխատանքներով։ Անոնց կ՛ուզեմ իմ խորին շնորհակալութիւնս յայտնել։
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս կ՛ընտրէք այն երեխաները, որոնք դեր կը ստանձնեն ձեր ելոյթներուն մէջ:
ՄԱԿԻ ԻՍԹԻԼԵԱՆ.- Տարեկան նոր երեխաներ ընդունելու օր մը կը ճշդեմ եւ կ՛ընդունիմ նոր անդամներ խումբէն ներս, իսկ շաբաթական փորձերով կ՛աշխատիմ զանոնք պատրաստել իբրեւ բեմի վրայ համարձակ երեխաներ։ Այս բոլորը կ՛ընեմ կամաւոր, սակայն իրենձմէ կը պահանջեմ խօսիլ միայն հայերէն, եւ ուրախ եմ, որ յաջողած եմ անոր մէջ։
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Մինչեւ հիմա քանի՞ տեսակ արտադրութիւն պատրաստած էք։
ՄԱԿԻ ԻՍԹԻԼԵԱՆ.- Ունիմ 8 տեսակ արտադրութիւն. տեսաերիզներն են՝ «Թաթիկներ», «Դպրոցի Ճամբան», «Մակին եւ Կաղանդ Պապան» եւ «Live in Concert»ը, իսկ ձայնասկաւարակները՝ «Փոքրիկ Երաժիշտներ», «Տաթեւիկ», «Ծաղկաստան» եւ «Նոր Տարուայ երգեր»։ Նաեւ պատրաստուած եմ դաստիարակչական խաղալիքներ՝ ձայնովս արձանագրուած, «Հայ Մեծնանք» ընկերութեան հետ։
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Շուտով պիտի ունենաք նոր ելոյթ մը՝ տօնական օրերու սեմին, ի՞նչ են մանրամասնութիւնները:
ՄԱԿԻ ԻՍԹԻԼԵԱՆ.- Յառաջիկայ Կիրակի, Դեկտեմբեր 5ին, երեկոյեան ժամը 5ին «Լանթերման Օտիթորիըմ»ին մէջ՝ Լա Քանիատա, ելոյթ պիտի ունենամ իմ խումբիս հետ. ընթացքին պիտի այցելէ Կաղանդ պապան եւ նուէրներ բաժնէ փոքրիկներուն: Նաեւ պիտի ունենանք հիւրեր՝ մանկական երգերու մեկնաբաններ Վագօն եւ Անի Հովակիմեանը։ Յաջորդ օրը՝ Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 6ին, պիտի կրկնուի նոյն ելոյթը, որուն ներկայ պիտի ըլլան հայկական վարժարաններու աշակերտները, եւ միասնաբար պիտի տօնենք Նոր տարին։
Մակիի «Հայ Մանուկի Նոր Տարին» ելոյթին մանրամասնութիւնները՝
Տեղեր ապահովելու համար, կրնաք այցելել www.ItsMySeat.com կայքէջը, կամ հեռաձայնել (818) 265-0506:
Կիրակի, Դեկտեմբեր 5, երեկոյեան ժամը 5ին, «Lanterman Auditorium», 4491 Cornishon Ave., La Canada Flintridge, CA:
Մակիի մասին տեղեկութիւններու համար, այցելեցէք՝
www.MaggieTune.com, facebook-ի վրայ Maggie Tune Children’s Songs, կամ հեռաձայնեցէք (818) 426-4956 թիւին: