ԵՐԵՒԱՆ, «168 Ժամ».- Հայաստանի կառավարութիւնը վերջերս Ազգային ժողով ուղարկած է «Քրէական օրէնսգրքում նախատեսուած փոփոխութիւնների ու լրացումների մասին» օրինագիծը: Նշենք, որ կառավարութիւնը այդ իր նախագիծը Սեպտեմբերին ետ քաշած էր՝ փոփոխութիւններու ենթարկելու համար զայն:
Լրամշակուած օրինագիծին համաձայն, պէտք է փոփոխութիւններ կատարուին Քրէական օրէնսգիրքի (ՔՕ) բազմաթիւ յօդուածներու մէջ. յատկապէս պիտի մեղմանան գործող պատժաչափերը, որոնք պիտի ազդեն շուրջ 1300 կալանաւորներու վրայ, որոնց մէկ մասը ազատ պիտի արձակուի, իսկ միւս մասին համար սահմանուած պատժաչափերը պիտի կրճատուին: