ՊՈՒՐՏՈՒՐ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ Պուրտուր քաղաքին մէջ ընթացող մինչեւ 16 տարեկան ճատրակիստներու համաշխարհային ողիմպիականի 6 փուլերէն ետք, Հայաստանի ճատրակի պատանեկան հաւաքականը կը գլխաւորէ մրցաշարքի աղիւսակը: 6րդ հանգրուանին, հայ խաղացողները 3.5:0.5 հաշիւով յաղթած են Թուրքիոյ առաջին խումբին՝ վաստակելով 20 միաւոր:
Յիշեցնենք, որ Կարէն Գրիգորեան, Ռոպերթ Աղասարեան եւ Յովհաննէս Գաբուզեան յաղթած են իրենց մրցակիցներուն՝ ապահովելով Հայաստանի խումբին յաղթանակը, իսկ Դաւիթ Շահինեանը Արատ Ուֆուկ Սեզէնի հետ իր վերջին խաղը աւարտած է հաւասարութեամբ:
Մրցաշարի 2րդ եւ 3րդ տեղերը կը գրաւեն Ռուսիոյ եւ Պելոռուսի խումբերը, իսկ Հնդկաստանի եւ Իւզպեքիստանի խումբերը կը գրաւեն 4րդ եւ 5րդ տեղերը: