ԵՐԵՒԱՆ «Հետք».- Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) պատգամաւոր Մկրտիչ Մինասեան, Նոյեմբեր 15ին դուրս գալով Ազգային ժողովէն՝ յայտնած է, թէ նոյն օրը սկսած ԱԺի հերթական քառօրեային ընթացքին, «Լեզուի մասին» եւ «Հանրակրթութեան մասին» օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններ նախատեսող օրինագիծը պիտի չքուէարկուի:
Նոյն օրը, «Մենք դէմ ենք օտարալեզու դպրոցների վերաբացմանը» քաղաքացիական նախաձեռնութեան կազմակերպութեամբ, ԱԺ շէնքին մօտ տեղի ունեցած է բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին Մկրտիչ Մինասեան յայտնած է, թէ վաղը ԱԺն պիտի քննարկէ Վերահսկիչ պալատին հաշուետուութիւնը, այնուհետեւ պիտի քննարկուի պիւտճէն:
Պատգամաւորը չէ բացառած, որ այս 2 խնդիրներուն քննարկումը շարունակուի նոյնիսկ քառօրեայէն ետք: «Եկուսն էլ շատ մեծ հարցեր են: Ուրիշ հարց չեմ կարծում, որ հասցնենք», ըսած է Մկրտիչ Մինասեան՝ աւելցնելով, որ «Լեզուի մասին» եւ «Հանրակրթութեան մասին» օրէնքներուն օրինագիծը հաւանաբար քուէարկուի Դեկտեմբերին:
Միւս կողմէ, «Հետեւում ենք, անընդհատ կապի մէջ ենք մեր բարեկամ պատգամաւորների հետ, ինֆորմացիա ենք ստանում ու մոբիլիզացնում ենք: Մենք շատ լաւ տեղեկացուած ենք, թէ ի՛նչ է կատարւում: Կարող էք համոզուած լինել, որ մեզ անակնկալի չեն բերի, ու մենք անպայման 1-2 օր առաջ կը զգուշացնենք, որ այս օրը անպայման քննարկուելու է», յայտնած է «Մենք դէմ ենք օտարալեզու դպրոցների վերաբացմանը» շարժումին նախաձեռնող Արմէն Յովհաննիսեան։