
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Նոյեմբեր 13ին, ողիմպիական ախոյեան Հրանդ Շահինեանի անուան մարզադպրոցին մէջ, ԵՊԼՀ մարմնամարզութեան ամպիոնի մանկավարժ Դաւիթ Ֆահրադեան, զուգափայտի վրայ ձախ ձեռքով կատարած է 76 պտոյտ՝ սահմանելով «Կինես»ի համաշխարհային նոր մրցանիշ:
Նշենք, որ Ֆահրադեանի անունը արդէն արձանագրուած է «Կինես»ի ցուցանիշներու գիրքին մէջ, երբ ան 10 վայրկեանի մէջ 350 պտոյտ կատարած է. 2009 Դեկտեմբերին ան ստացած էր ցուցանիշը պաշտօնապէս արձանագրելու մասին հաւաստագիրը: