ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի պետական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Ատրպէյճանի քարիւղի պետական ընկերութեան նախագահ Ռովնակ Ապտուլայեւ յայտարարած է, թէ Ատրպէյճանի քարիւղի պետական ընկերութիւնը կը շարունակէ աշխատանք տանիլ, իր վերահսկողութեան տակ առնելու համար Հայաստանի կազի մատակարարումը ապահովող Ռուսիա-Հայաստան կազի խողովակին այն բաժինը, որ կ՛անցնի Վրաստանի տարածքով:
Ըստ անոր, Պաքու արդէն դիմած է խողովակաշարը տնօրինող կողմին՝ Վրաստանի կազի պետական ընկերութեան, յայտնելով, որ ինք շահագրգռուած է խողովակաշարի կառավարման հարցով։ Ապտուլայեւ նաեւ յայտնած է, թէ Վրաստանի կազի շուկային 70-75 առ հարիւրը կ՛ապահովէ Ատրպէյճանի քարիւղի պետական ընկերութիւնը։