ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Ռիա Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ ԵԱՀԿի ընդհանուր քարտուղար Մարք Պերրեն տէ Պրիշամպօ Մոսկուայի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Ասթանայի մէջ Դեկտեմբեր 1-2ին կայանալիք ԵԱՀԿի վեհաժողովի մասնակիցները պիտի քննարկեն ձգձգուող հակամարտութիւնները, որոնց շարքին՝ Հարաւային Կովկասի իրավիճակը։
«ԵԱՀԿի երկիրներու ղեկավարները պիտի քննարկեն ապահովական հարցերը, ձգձգուող հակամարտութիւնները եւ այլ սուր խնդիրներ», ըսած է ան։
Դեկտեմբերեան վեհաժողովի ընթացքին կողմերը պիտի քննեն սպառազինութիւններու կրճատման, Աֆղանիստանէն եւ Միջին Ասիայէն եկող նոր մարտահրաւէրներու դէմ պայքարի հարցերը։
Վեհաժողովին պիտի մասնակցին ԵԱՀԿի անդամ 56 եւ գործընկեր 12 երկիրներու ղեկավարներ եւ վարչապետներ, նաեւ 68 միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ։
1975էն սկսեալ, ԵԱՀԿի վեհաժողովը բարձրագոյն մակարդակով տեղի ունեցած է միայն վեց անգամ։ Վերջին անգամ, այս մակարդակով ժողով մը տեղի ունեցած էր 1999ին, Պոլսոյ մէջ։