ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Թուրքիոյ անդամակցութեան գործընթացին մասին Եւրոպական Միութեան հերթական զեկուցումը եկաւ անգամ մը եւս պարզելու այն իրականութիւնը, թէ մարդկային իրաւանց, Կիպրոսի տագնապին ու փոքրամասնութեանց իրաւունքներու մարզերէն ետք, Անգարա պէտք է խօսքէն գործի անցնի՝ անդամակցելու յոյս ունենալու համար:
Իրականութիւնը այն է, որ Թուրքիայէն շատ աւելի ուշ անդամակցութեան դիմած երկիրներ արդէն իսկ անդամ են միութեան կամ կը գտնուին անդամակցութեան սեմին, մինչ բարեկարգումներու ընդդիմացող Թուրքիան կը շարունակէ սպասման սենեակին մէջ մնալ:
Այս իրողութենէն դժգոհ Անգարայի ղեկավարութիւնը նման զեկոյցներու հրապարակումէն անմիջապէս ետք հակայարձակողականի կ՛անցնի՝ նախ անհիմն կերպով բողոքելով, թէ Եւրոմիութիւնը ամէն քայլափոխի անդամակցութեան օրէնքները կը փոխէ, ինչ որ այս անգամ կատարուեցաւ վարչապետ Էրտողանի բերանով, իսկ ապա փորձ կ՛ըլլայ ձախողութեան պատասխանատուութիւնը բեռցնելու Եւրոմիութեան վրայ, խուսափելու համար հիմնական բարեփոխումներ կատարելու ընտրանքէն:
Ցարդ ձախողած այս գործելաոճին հաւատարիմ մնալով՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Ուրբաթ օր յայտնեց, թէ Եւրոմիութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան գործընթացը՝ «Եւրոմիութեան համար քննութիւն մըն է։ Եւրոմիութիւնը ռազմավարական ընտրանք մը պիտի կատարէ. կա՛մ պիտի վերածուի ազդու եւ մրցունակ համաշխարհային ուժի եւ կամ պիտի վերածուի անմրցունակ եւ անազդու ցամաքամասային ուժի: Թուրքիա իր անդամակցութեամբ Եւրոմիութեան ռազմավարական յատկանշական կարեւորութիւն պիտի պարգեւէ», ըսաւ ան։
Կիպրոսի հարցով, նախարարը դարձեալ մերժեց խօսքէն գործի անցնելու ընտրանքը՝ պնդելով, թէ Անգարա պիտի շարունակէ խաղաղութեան ուղղութեամբ իր ջանքերը, սակայն, իրականութեան մէջ՝ զէնքի ուժով գրաւեալ պահելով կղզիին մէկ երրորդը: