ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն, այս տարուան առաջին ինը ամիսներուն Հայաստան ժամանածներուն թիւը՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, նուազած է 3.4 տոկոսով, իսկ Հայաստանէն մեկնողներունը՝ 12.8 տոկոսով: Արդարեւ, 2009ին Հայաստանէն մեկնած է 9472 մարդ, 2010ին՝ 8255, իսկ ժամանած է 5966 մարդ՝ 2009ին, ու 5763 մարդ՝ 2010ին:
Տարածքային կառավարման նախարարութեան գաղթականութեան գործակալութեան համաձայն, 2010 Յունուար-Սեպտեմբերին, Հայաստանի սահմանային կէտերով իրականացուող արտաքին ուղեւորութեան ծաւալը կազմած է 2 միլիոն 579,800, որ 2009ի համեմատ աւելցած է 423,600ով (19.6 տոկոսով): Իսկ փոխադրումներուն հաշուեկշիռը 2010ի նոյն ամիսներուն եղած է 64,900, այսինքն՝ 38.7 տոկոսով աւելի քան 2009ի նոյն ամիսներուն արձանագրուած ցուցանիշէն: