ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանեան կիսապաշտօնական «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մանուշահր Մոթթաքի յայտնած է, թէ Իրանի եւ «5+1»ի (ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամներ եւ Գերմանիա) միջեւ բանակցութիւնները հաւանաբար տեղի ունենան Նոյեմբեր 15ին։ Թուրքիա ըսած է, թէ ինք պատրաստ է հիւրընկալելու այդ բանակցութիւնները:
Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մահմանփարասթ յայտնեց, թէ հիւլէական վառելանիւթ փոխանակելու թղթածրարը պէտք է քննարկուի Իրանի հիւլէական ծրագիրի թղթածրարէն անջատաբար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.