
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ Ճան Քերի Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 8ին պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան: Նախագահ Միշել Սլէյման ընդունեց Քերին, որուն հետ քննեց լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս՝ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով միջազգային ատեանին վերաբերող հարցերը։ Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Քերի վերահաստատեց, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի Լիբանանի, ինչպէս նաեւ քննարկեց Միջին Արեւելքը յուզող հարցեր։
Քերի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, որմէ ետք ան յայտնեց, թէ Ուաշինկթըն կը զօրակցի միջազգային ատեանի անկախ գործունէութեան։ Ան հաստատեց, որ ատեանին գործունէութիւնը ոչ մէկ առնչութիւն ունի շիի, սիւննի, տիւրզի թէ քրիստոնեայ համայնքներուն հետ, այլ անիկա ուղղակիօրէն կապուած է Հարիրիի սպանութեան դրդապատճառներուն բացայայտման հետ։
«Ատեանը հիմնելու առաջարկը ներկայացուած է Լիբանանի կողմէ, այլ ոչ թէ Միացեալ Նահանգներու կամ շրջանին մէջ գտնուող երկրի մը կողմէ։ Վարչապետ Հարիրի կամ նոյնիսկ Լիբանան չեն կրնար ջնջել ատեանը», ըսաւ ան։
Քերի դիտել տուաւ, որ տեղեկութիւններ չունի ատեանին արձակելիք նախնական ամբաստանութեան մասին, սակայն ըսաւ, որ նոյնիսկ եթէ այդ ամբաստանութիւնը արձակուի, ապա անիկա ուղղուած պիտի ըլլայ անհատներու եւ ոչ թէ համայնքներու դէմ։
Քերի յետմիջօրէին ուղղուեցաւ Դամասկոս, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան սուրիական-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ կայունութեան պահպանման անհրաժեշտութեան հարցը, որուն լոյսին տակ քննարկումի առարկայ դարձաւ նաեւ Լիբանանի թղթածրարը։
Քերի Երեքշաբթի օր այցելեց Թուրքիա, ուր կոչ ըրաւ վերակենդանացնելու Սուրիա-Իսրայէլ բանակցութիւնները:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշներ յայտնեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ լուրջ սպառնալիք մը, եւ կը գտնուի շատ վտանգաւոր կացութեան մէջ: