ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Սակարանային գործարքներուն մէջ հայկական դրամը կը շարունակէ արժեզրկուիլ։ Նոյեմբեր 9ին, «ՆԱՍԴԱՔ ՕԷՄԷՔՍ Արմէնիա»ի մէջ իրականացած է 4.25 միլիոն տոլարի առուվաճառք՝ 366.4 դրամի միջին փոխարժէքով՝ երէկուան 365ին համեմատ: Փակման գինը եղած է 366.48 դրամ:
Ակնյայտ էր, որ Հոկտեմբերի վերջին շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցած դրամի կտրուկ արժեւորման համար լուրջ տնտեսական հիմքեր չկային: Այժմ դրամը կը վերադառնայ այնտեղ, ուր պէտք է գտնուէր՝ 365-370ի մակարդակին շուրջ: Սակայն հնարաւոր են փոխարժէքային անբնական վիճակներ, նկատի ունենալով, որ Կեդրոնական դրամատան համար աւելի դժուար է զսպել դրամի արժէզրկումը, քան կանխել արժեւորումը: Իրավիճակը այնպիսին է, որ դրամատուներուն մեծ մասը շահագրգռուած է դրամի արժէզրկումով, որովհետեւ վարկերուն մեծ մասը կը տրամադրուի տոլարով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.