ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Կաշառակերութեան երեւոյթներու բացայայտման եւ լուսաբանման հարցերով զբաղող «Հետք» թերթի խմբագիր Էդիկ Բաղդասարեանը, անդրադառնալով Նոյեմբեր 4ի կառավարութեան նիստին ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի քննադատական արտայայտութիւններուն՝ ըսած է. «Կոռուպցիայի (կաշառակերութեան-Խմբ.) դէմ պայքարը հարկ է ինչ որ պահից ու ինչ որ կէտից սկսել, եւ արդէն ժամանակն է կատարել իրական քայլեր, այլ ոչ թէ պարզապէս խօսքեր հնչեցնել»։
Յիշեցնենք, որ վարչապետ Տ. Սարգսեան խստօրէն քննադատած էր շարք մը գերատեսչութիւններ, եւ պահանջած՝ տասնօրեայ ժամկէտի ընթացքին առաջարկներ ներկայացնել՝ ստուգումներու արդիւնքով բացայայտուած կաշառակերութեան խնդիրները լուծելու համար:
Նշելով, որ կաշառակերութեան դէմ պայքարի արդիւնաւէտութեան հարցով հասարակութիւնը անյոյս է, քանի որ իրական պայքարի ականատես չէ եղած երբեք՝ «Հետք»ի խմբագիրը աւելցուցած է. «Վարչապետին պէտք է խորհուրդ տալ, որ «պիզնես» ունեցող բոլոր նախարարները պէտք է հրաժարական տան, որովհետեւ կան բազմաթիւ նախարարներ, որոնք պիզնեսներ ունեն: Նրանք աւելի շատ զբաղուած են իրենց պիզնեսներով, քան թէ պետական գործ անելով»:
«Առաւօտ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Աբրահամեան, իր կարգին, կը բացառէ այն երեւոյթը, որ յառաջիկայ 10 օրուան ընթացքին հիմնական քայլեր պիտի առնուին կաշառակերութիւնը նուազեցնելու նպատակով։
«2008 թուականից ի վեր, երբ Տիգրան Սարգսեանը կոռուպցիան յայտարարել էր թիւ 1 թշնամի, ու նաեւ դրանից առաջ, նման յայտարարութիւններ շատ ենք լսել», յիշեցուցած է «Առաւօտ»ի խմբագիրը, որուն համար անհասկնալի կը թուի նաեւ այն երեւոյթը, որ թիրախի տակ յայտնուած են յատկապէս կրթութեան եւ գիտութեան, գիւղատնտեսութեան, ելեւմուտքի եւ առողջապահութեան նախարարութիւնները:
«Եկէ՛ք ճիշդ գնահատենք կոռուպցիայի չափերը. դպրոցի տնօրէնը ուսուցիչ նշանակելու համար վերցնում է 2-3 հազար տոլար կաշառք: Արդարադատութեան խորհուրդը դատաւոր նշանակելու համար վերցնում է 200 հազար տոլար: Որտե՞ղ է աւելի շատ կոռուպցիան. ինչո՞ւ չի խօսւում այն կոռուպցիայի մասին, որը հարիւրապատիկ աւելի մեծ է», հարց տուած է Արամ Աբրահամեան:
Միւս կողմէ, այն հանգամանքը, որ քննադատութեան արժանացած են յատկապէս վերոնշեալ նախարարութիւնները, հաւանաբան, ըստ «Transparency International» հակակաշառակերութեան կեդրոնի նախագահ Վարուժան Հոկտանեանի, պայմանաւորուած է կաշառակերութեան հանրային ընկալման առանձնայատկութիւններով: «Դա հէնց այն ոլորտներն են, որտեղ շարքային բնակիչը առաւել յաճախ է շփւում կոռուպացուած չինովնիկների հետ», նշած է Հոկտանեան՝ խուսափելով կանխատեսումներ կատարելէ յառաջիկայ 10 օրուան ընթացքին իրականացուելիք քայլերուն արդիւնաւէտութեան մասին:
Արամ Աբրահամեան, մինչդեռ, կը կարծէ, թէ ասիկա վարչապետին անձնական «PR»ն է։ «Դա անձամբ վարչապետի քարոզչական հնարք է, որովհետեւ տնտեսական ցուցանիշները վատ են. ինչ որ ձեւով նա պէտք է իրեն դրսեւորի, որ՝ ահա՛, այս ոլորտում նա շատ անզիջում պայքար է մղում», մեկնաբանած է «Առաւօտ»ի գլխաւոր խմբագիրը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.