ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոկտեմբեր 19ին, Երեւանի մէջ սկսած է Եւրոխորհուրդի «Յանուն ժողովրդավարութեան ապագայի» խորագրեալ համաժողովը, որուն կը մասնակցին ԵԽ անդամ երկիրներու եւ Եւրոխորհուրդի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, քաղաքական ու հասարակական գործիչներ: Համաժողովին կը նախատեսուէր նաեւ Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Մեւլութ Չաւուշօղլուի մասնակցութիւնը, սակայն, ըստ ԵԽԽՎ փոխնախագահ Ճոն Փրեսքոթի, անոր ժամանումը խափանուած է թռիչքին հետ կապուած խնդիրներու պատճառով:
Ողջունելով ներկաները՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նշած է, որ Շուէտի եւ Սպանիոյ նախաձեռնութեամբ, Երեւանի մէջ Եւրոպայի խորհուրդին հետ միասին կազմակերպելով այս նշանակալի համաժողովը՝ Հայաստան իր ներդրումը կը բերէ համաեւրոպական ժողովրդավարական գործընթացներու զարգացման:
Իր կարգին, Փրեսքոթ անգամ մը եւս յիշեցուցած է, որ ԵԽի նպատակը եւրոպական երկիրները միաւորելն է ընդհանուր արժէքներու եւ սկզբունքներու շուրջ: Նշենք, որ համաժողովը կը շարունակուի երեք օր:
Այս ժողովին առիթով, ընդդիմադիր Հայ ազգային կոնգրեսը Երեւանի Ազատութեան հրապարակին շուրջ ցոյց կազմակերպած էր: