ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հոկտեմբեր 19ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունած է Սերպիոյ ԱԳ նախարար Վուք Երեմիչը, որ Հայաստան եկած է՝ մասնակցելու Եւրոպական խորհուրդի «Ժողովրդավարութեան ապագայի համար» խորագրեալ ժողովին:
Հանդիպման ընթացքին Է. Նալբանդեան նշած է, որ Սերպիոյ նախագահի անցեալ տարի Հայաստան կատարած այցելութիւնը, ու այդ ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կարեւոր քայլ էին երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ, իսկ նախարարներուն մակարդակով պարբերական հանդիպումները հնարաւորութիւն կ՛ընձեռեն հետեւելու նախագահական մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման եւ միտքեր փոխանակելու տարբեր հարցերու շուրջ: Նախարարները կարեւոր համարած են երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական բնագաւառներուն մէջ համագործակցութեան ընդլայնման նպատակով իրականացուելիք քայլերը:
Սերպիոյ նախարարը ներկայացուցած է նաեւ Քոսովոյի հիմնախնդիրին առնչուող զարգացումները: Անդրադառնալով արցախեան հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացին՝ նախարար Նալբանդեան նշած է, թէ միջազգային հանրութիւնը ջանքեր կը գործադրէ հակամարտութիւնը լուծելու ուղղութեամբ, սակայն միջնորդներուն առաջարկները մերժող ատրպեճանական դիրքորոշումին պատճառով, բանակցութիւններուն մէջ լուրջ յառաջընթաց արձանագրելը չի յաջողիր:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան ապահովման հարցերուն, ինչպէս նաեւ առկայ խնդիրներուն ու անոնց լուծման ուղիներուն մասին:
Սերպ նախարարը հանդիպում մը ունեցած է նաեւ Հայաստանի նախագահին հետ: