
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Տենիս Զայն կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու 28րդ նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի ձգած քաղաքական ժառանգութեան հարիւրամեակը նշելու նպատակով, յառաջիկայ Նոյեմբեր 19ին, առաւօտեան ժամը 10ին, քաղաքապետութիւնը պիտի հրապարակէ յատուկ հռչակագիր մը, ուր յատուկ յիշատակման պիտի արժանանայ վերջերս նախագահ Ուիլսընի ընտանիքի շառաւիղներէն Տանըլտ Ուիլսըն Պուշի նախաձեռնութեամբ կազմուած «Ուուտրօ Ուիլսընի ժառանգութեան հիմնադրամ»ը: