
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայր եւ որդի Վահէ եւ Արա Օշականներու «Father Land» հատորին շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 7ին, կ.ե. ժամը 2-5, «Պարնզտըլ փարք»ին մէջ գտնուող Լոս Անճելըսի քաղաքապետութեան արուեստի ցուցադրասրահին մէջ, երբ տեղի պիտի ունենայ նաեւ հատորին մէջ լոյս տեսած Արա Օշականի լուսանկարներուն ցուցահանդէսին պաշտօնական բացման արարողութիւնը:
Սոյն ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ Հոկտեմբեր 28էն մինչեւ Յունուար 9, 2011: Ցուցադրասրահին հասցէն է՝ 4800 Hollywood Blvd., Los Angeles, CA 90027:
Նախքան շնորհահանդէսը, Նոյեմբեր 4ին, երեկոյեան ժամը 7-10, Լարա Երէցեանի ու Հրաչ Մանուէլեանի բնակարանին մէջ (2366 N. Hobart Boulevard, Los Angeles, CA 90027), այս առթիւ կազմակերպուած է մտերմիկ հաւաքոյթ մը, որուն ընթացքին պիտի խօսի Արա Օշականը ու տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: Մուտքի առաջարկուող նուէրն է 50 տոլար, որ պիտի տրամադրուի «Համազգային»ի հաստատած «Վահէ Օշական» գրական հիմնադրամին:
Նաեւ, Նոյեմբեր 19ին, երեկոյեան ժամը 9ին, Արա Օշականին հետ հանդիպում-զրոյց մը տեղի պիտի ունենայ նոյն ցուցադրասրահին մէջ:
Հինգշաբթիէն Կիրակի օրերը, ցուցադրասրահը բաց է կ.ե. ժամը 12-5, իսկ ամսուան առաջին Ուրբաթ օրերը՝ կ.ե. ժամը 12-9:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (323) 644-6269 թիւին կամ այցելել www.lamag.org կայքէջը:
«PowerHouse Books» հրատարակչատան կողմէ տպուած հատորին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.powerhousebooks.com կամ
www.fatherlandbook.com կայքերը: