ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14ին հեռախօսազրոյց մը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու իր պաշտօնակից Հիլըրի Քլինթընի հետ: Ընթացքին անոնք քննարկած են հայ-թրքական արձանագրութիւններուն (փրոթոքոլ) վաւերացումը ապահովելու կարելիութիւնները, կը հաղորդէ «CNN Turk»ը:
Տաւութօղլու դարձեալ յայտնած է, թէ Թուրքիա յոյսի ունի, որ արձանագրութիւնները կը վաւերացուին, երբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ խաղաղութեան համաձայնութիւն գոյանայ:
Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած ժողովի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները օր մը կեանքի պիտի կոչուին։ «Օր մը, Կովկասի մէջ համապարփակ խաղաղութեան ծիրին մէջ, ներառեալ հայ-ատրպեճանական հաշտեցումը, կեանքի պիտի կոչուին արձանագրութիւնները։ Ատիկա մեր տեսլականն է», յայտարարած է ան։
Տաւութօղլու իր ելոյթին ընթացքին անդրադարձած է նաեւ թուրք-ամերիկեան, թուրք-յունական յարաբերութիւններուն, Իրանի եւ Իրաքի խնդիրներուն, Սուրիա-Իսրայէլ բանակցութիւններուն, թուրք-ռուսական, թուրք-չինական յարաբերութիւններուն, Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացին, ինչպէս նաեւ «Նապուքօ» կազատարի նախագիծին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.