ՊՈԼԻՍ, «Փանորամա».- Հայ լրագրողներու հետ Սեպտեմբեր 15ին կայացած հանդիպման մը ընթացքին, թրքական «Միլլիյէթ» պարբերականի խմբագիրներէն Նակի Օզքոն յայտարարած է, թէ Թուրքիան պէտք է առանց նախապայմաններու բանայ հայ-թրքական սահմանը:
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու հաստատման հարցին մէջ յառաջընթաց ապահովելու համար, Օզքոնի կարծիքով, պէտք է նախ երկու հասարակութիւնները ճանչնան զիրար։ Պատասխանելով այն հարցին, թէ թուրք հասարակութիւնը պատրա՞ստ է յարաբերելու հայ հասարակութեան հետ, թուրք խմբագիրը յայտնած է. «Ամէն տեսակ մտածելակերպով մարդիկ կան, բայց մեր հասարակութեան կէսէն աւելին կ՛ուզէ յարաբերիլ, ճանչնալ հայերը»։
«Միլլիյէթ»ի ղեկավար կազմի մէկ այլ ներկայացուցիչ, լուրերու շուկայական բաժնի տնօրէն Պելմա Աքչուրա այն 2000 մտաւորականներէն է, որ ստորագրած է «Ես կ՛ընդունիմ Եղեռնը» արձանագրութիւնը: Անոր խօսքերով, երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու հաստատումը կը խանգարէ հայկական Սփիւռքին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը բարձրացնելը: «Ոչ ոք կը ժխտէ, որ Ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է», ըսած է ան:
Թրքական պարբերականին երկու ներկայացուցիչները յայտնած են, թէ իրենք «Ցեղասպանութիւն» բառը չեն օգտագործեր, բայց կը հաւատան, որ եղեռն եղած է. «Բայց եկէք չկեդրոնանանք «ցեղասպանութիւն» բառին վրայ, ատիկա պատմաբաններու խնդիրն է. մենք հասարակութիւններով պէտք է մտերմութիւն ընենք», նշած է Օզքոն:
Իր կարգին, Աքչուրա վստահեցուցած է, թէ 1915ի հայոց կոտորածներու յիշատակման համար թրքական կառավարութիւնը պարբերականին վրայ ճնշումներ չի գործադրեր։
Ընդգծելով իրենց ազատականութեան չափը՝ Պելմա Աքչուրա տեղեկացուցած է, որ «Միլլիյէթ»ի այսօրուան գլխաւոր նորութիւնը Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին «Ամօթ է» վերնագիրով կայացուցած որոշումն է՝ ընդդէմ թրքական կառավարութեան:
Ըստ անոր, մահուան սպառնալիքներ չի ստանար նաեւ Ցեղասպանութիւնը իրականացնողներէն մէկուն՝ Ճեմալ փաշայի, թոռը՝ Հասան Ճեմալը, որ իր խմբագրական սիւնակներուն մէջ կը գրէ Ցեղասպանութեան մասին՝ դէպքերը որակելով «Ցեղասպանութիւն»:
Նշենք, որ «Միլլիյէթ»ը սոցիալ-դեմոկրատական հայեացքներով թերթ մըն է, որ կը գործէ վաթսուն տարիէ ի վեր եւ ունի 152 հազար ընթերցող:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.