
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մամլոյ դիւանի հաղորդագրութեան համաձայն, Սեպտեմբեր 10ին Լեհաստանի մէջ կայացած «Թուրքիոյ նոր արտաքին քաղաքականութիւնը» համաժողովին ընթացքին, Սլովաքիոյ խորհրդարանի առաջին նախագահ, խորհրդարանի պատգամաւոր, Սլովաքիոյ քրիստոնեայ-դեմոկրատական միութեան հիմնադիր Ֆրանտիշեկ Միկլոշքօ Թուրքիոյ առաջարկած է Արարատ լեռը վերադարձնել Հայաստանի:
«Կը փափաքիմ անդրադառնալ խորհրդանշական, սակայն կարեւոր հարցի մը: Խօսքը պիպլիական Արարատ լերան մասին է: Հայերուն համար, անիկա իրենց պատմական քրիստոնէական ժառանգութեան հարցն է: Թուրքիան ե՞րբ դէպի Արարատ ազատ մուտքի հնարաւորութիւն պիտի տայ: Թոյլ տուէք սուր դնել հարցը. ժամանակակից Թուրքիան հնարաւոր չի՞ համարեր արդեօք Արարատ լերան վերադարձը հայերուն: Անիկա պիտի ըլլար աննախադէպ քայլ ոչ միայն ապագայ խաղաղ գոյակցութեան, այլեւ ամբողջ աշխարհին մէջ Թուրքիոյ հեղինակութեան բարձրացման համար», իր խօսքը եզրափակած է Միկլոշքօ։
Իր ելոյթին մէջ սլովաք գործիչը անդրադարձած է Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի շրջափակման եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հերքման հարցերուն:
«Թուրքիան չի կրնար հերքել 1915 թուականին Հայերու Ցեղասպանութիւն իրականացնելուն փաստը. չէ՞ որ հայերը ոչնչացուած են իրենց իսկ հողերուն վրայ, միայն անոր համար, որ՝ հայ են», յայտարարած է ան:
Նշենք, որ 2004ի Նոյեմբերին, Սլովաքիոյ խորհրդարանը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ հաւանութիւն տալով Ֆրանտիշեկ Միկլոշքոյի ներկայացուցած բանաձեւի նախագիծին: