ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ մէջ գործող հայկական «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի խօսքով, Աղթամարի Ս. Խաչ կատարուելիք ուխտագնացութիւնը կը սահմանափակուի Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան ներկայացուցիչներուն այցով, նաեւ պարախումբի եւ երգչախումբի ելոյթով: Խմբագիրին հաւաստումով, Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կայանալիք պատարագին կը մասնակցին շուրջ քառասուն հոգեւորականներ՝ Պոլիսէն, նաեւ վերջինիս հայ համայնքէն շուրջ 450 ներկայացուցիչ:
«Հայ համայնքին մէջ ստեղծուած է աննպաստ տրամադրութիւն մը՝ կապուած Ս. Խաչի՝ առանց խաչի տեղադրման՝ պատարագի իրականացման հետ: Աղթամարը իշխանութիւններուն կողմէ կ՛ընդունուի իբրեւ թանգարան», ըսած է Ռ. Հատտէճեան։
Ըստ խմբագիրին, Սեպտեմբեր 19ին Սուրբ Խաչի պատարագը պիտի կայանայ Արամ սրբազանի գլխաւորութեամբ, ապա տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգիստի արարողութիւն՝ նուիրուած եկեղեցւոյ նախկին սպասաւորներուն:
Սուրբ Խաչ կ՛այցելեն երգչախումբի եւ պարախումբի շուրջ 100 անդամներ: «Նախապէս կը յայտարարուէր, թէ 5000 հոգի պիտի այցելէ Սուրբ Խաչը, սակայն հիմա 1000էն աւելի այցելուներ ակնկալելը սխալ է», նշած է «Մարմարա»ի խմբագիրը՝ շեշտելով, որ Վանի քաղաքապետարանը եւ զբօսաշրջութեան ընկերութիւնները յուսախաբ եղած են, որովհետեւ անոնք կը սպասէին զբօսաշրջիկներու մեծ հոսք:
Զբօսաշրջութեան որոշ ընկերութիւններ շրջայցեր կը կազմակերպեն Արեւմտեան Հայաստանի հին հայաբնակ շրջանները, ինչպէս նաեւ՝ Վան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.