
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
ՀԱՅԸ ՈՒՐԻՇ Է

Քանի-քանի բառեր այս սիւնակին մէջ յայտնուեցան իրենց արմատով, ճիւղերով եւ գրական հիւթեղ արտայայտութիւններով: Բառերու այդ բազմութեան մէջ, յարգելի ընթերցող, մտածեցի, թէ պէտք է գրել բոլորովին ուրիշ նիւթ մը: Իսկոյն որոշեցի ուրիշներուն չնմանող «ուրիշ» բառին պատմութիւնը գրել: Կասկած չկար: Այդ բառը ուրիշ էր: Չէ՞ որ հայուն համար մամայի եփածը ուրիշ է, մենք՝ թէպէտ եւ ենք ածու փոքր, բայց ուրիշ ազգ ենք, մեր աստղը բոլորովին ուրիշ է, չի նմանիր երկնի միւս աստղերուն եւ, եւ ըստ մեր ազգային առասպելին՝ կարծես ուրիշ ձեռք մը զայն վառեր ու հոն դրեր է մեզի համար: Ուստի, գիշերային այս խաղաղ ժամուն, երբ չունինք այլ ընելիք, վայելենք «ուրիշ» մակբային պատմութիւնը եւ հասկնանք, թէ ինչո՛ւ հայու ծիծաղներն են ուրիշ, արցունքներն են ուրիշ, ուրիշ խօսքով՝ հայն է ուրիշ:
ԲԱՌԻՆ «ՈՐԻՇ» ԱՐՄԱՏՆԵՐԸ
«Ուրիշ»ի արմատներուն մէջ կայ ժամանակավրէպ բառ մը՝ «որիշ»: Գրաբարեան այս բառը կը կազմէ ընտանիք մը, որուն անդամներն են՝ որուշ, ուրուշ, որոշ, որոշել: Վերջինը կը նշանակէ «զատել, սահմանել», հետեւաբար «որիշ» կամ «ուրիշ» բառի բուն իմաստն է՝ զատուած, սահմանուած: Հայկական հնագոյն մատենագրութեան մէջ յաճախ գործածուած է «որիշ-որիշ» (այլ եւ այլ, տեսակ-տեսակ) արտայայտութիւնը: Այժմ ձեզի կը ներկայացնեմ հին ժամանակներու մատենագրական ճաշակը, ուր բառս մինչեւ 1700ականները պահած էր իր հնագոյն ձեւը, գոյակցելով իր երկուորեակ «ուրիշ»ին հետ… «Որիշ մեղացն»՝ Կոմիտաս Աղցեցի, 600, «Որիշ-որիշ վաճառեալովս»՝ Անանիա Շիրակացի, 650, «Որիշ յաշխարհէ»՝ «Գործ արասցէ ուրիշ», Ներսէս Լամբրոնացի, 1190, «Որիշ բնութիւն»՝ Մխիթար Գօշ, 1200, «Որիշ վանքեր սքանչելագործ»՝ Սիմէոն Լեհացի, 1600: Նկատեցի՞ք, թէ որեւէ մէջբերում չկայ Աստուածաշունչ մատեանէն: Պատճառն այն է, որ Սուրբ Գիրքի թարգմանիչները, «ուրիշ» բառին փոխարէն՝ 2308 անգամ գործածած են «այլ» բառը: Ուրիշ անգամ կը գրեմ նաեւ «այլ» բառի ոդիսականը:
ՍԱ ՈՒՐԻՇ ԲԱՆ
«Ուրիշ» բառը ծնունդ տուաւ տեսակ-տեսակ պատկերալից արտայայտութիւններու, որոնք սրամտօրէն կը խօսին ընկերային մեր կենցաղին մասին: Հայը երբեմն ուրիշի երգը կ՛երգէ, ուրիշ լեզուով կը խօսի, ուրիշ աչքով կը նայի, չ՛ուզեր ուրիշի հացը ուտել, ուրիշի ապուրին աղ դնել, կամ ուրիշի խօսքով շարժիլ, բայց գիտէ ուրիշի ձեռքով կրակէն շագանակ հանել: «Ուրիշ» բառը յարմար եղաւ նաեւ հիացմունք արտայայտելու համար. «Սանամի աղջիկն ուրիշ էր», գրեց Օշական թաղուած արձակագիր եւ գրականագէտ Խաժակ Գիւլնազարեան, 1970ականներուն:
«ԻՒՐԻՒՇ» ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
«Ուրիշ» բառը հայկական գաւառներու մէջ հնչեց այլ եւ այլ ձեւերով: Եթէ ճամբորդէք Հաւրա, Խարբերդ կամ Նոր Նախիջեւան՝ բառը «ուրուշ» էր, Վանայ լիճէն հարաւ-արեւմուտք, Մոկք գաւառին մէջ՝ «հիւրիշ», Վանի եւ Շամախի մէջ՝ «իւրիւշ», Գորիսի մէջ՝ «օ՛րիշ», իսկ Արցախի մէջ՝ «էօ՛րիշ»: Շնորհակալ ըլլանք նաեւ համշէնցի մեր ազգակից եղբայրներուն. անոնք բառս վերածած են բայի՝ «ուրիշել», այսինքն՝ հատեղէնները ընտրել, քարերը զատել:
«ՉԿԱՅ ՈՒՐԻՇ»
Հայկական քնարերգութեան մէջ կարծես ուրիշ փայլ մը առաւ բառս ճիշդ այն օրը, երբ Գրիգոր Լուսաւորիչը իր ձեռքով, ըստ Վահան Թէքէեանի, մեզի համար վառեց Արագածի կանթեղը. «Ան կը շողայ առանձին, այնքան անջատ միւսներէն, / Որ ուրիշ ձեռք մը կարծես զանի վառեց գաղտնօրէն»: Թէքէեանի երկրորդ «ուրիշը» յայտնուեցաւ 1926 թուականին, այն լուռ գիշերը, երբ բանաստեղծը հաշուեյարդարի նստեցաւ իր կեանքին հետ. «Ի՜նչ մնաց. կեանքէն ինծի, ի՞նչ մնաց. / Ինչ որ տուի ուրիշին. տարօրինա՜կ, ա՛յն մնաց»: Դանիէլ Վարուժանը, կեանքի հարուածներէն ցնցուած, յուսահատ, գրեց. «Բա՜ւ է. բա՜ւ է… / Թէ մարդէն, թէ օրէնքէն, / Ուրիշ յոյսի մ»յոյս չունիմ»: Ինտրան, որ ունէր խոր ներաշխարհ, բայց ո՛չ պայքարելու ուժ, 1904 թուականին, Դեկտեմբերի ցուրտին մէջ, վհատելով աշխարհի ունայնութենէն՝ մտածեց նոճի դառնալ ու հաղորդուիլ Անդրաշխարհի հետ. «…կը սպասեմ / Որ մեռնելով՝ ես ալ դառնա՜մ նոճ մ՛ուրիշ»: Հասկցանք, թէ բառս գաղտնապահ է նաեւ, երբ կարդացինք Ժագ Սայապալեանի տողերը. «Մտերիմներէս անգամ գաղտնի պահած էի ասիկա: Բաներ կան որք միայն քրոջ մը կրնան ըսուիլ: Ուրիշ մը թերեւս պիտի չհասկնար զիս»: Մինչ Եղիշէ Չարենց, որ գաղափարախօսական բոլորովին տարբեր ճանապարհ բռնած էր, «ուրիշ» բառով երգեց ազգային պատկանելիութեան հպարտութիւնը. «Իմ կարօտած սրտի համար ո՛չ մի ուրիշ հէքիաթ չկայ…», իսկ եթէ իր առաքելութիւնը մնար անաւարտ՝ «Ուրիշ աշուղ կ՛ասէ աշխարհի խաղը, ինչ որ ես չեմ ասէ- նա կ՛ասի վաղը»: Նուաղած, դալուկ քերթողներու դարաշրջանին, հայը հարկադրուեցաւ ուրիշ լեզուով խօսելու: Աւետիք Իսահակեանը, 1905ին, Գիւմրիի մէջ խօսեցաւ ա՛յդ ճշմարտութեան մասին. «Տէր կամ ստրուկ պիտի լինիս,- / Ճշմարտութիւն չկայ ուրիշ… Լուծ կամ լծկան պիտի լինիս,- / Ճշմարտութիւն չկայ ուրիշ… Մո՛ւրճ կամ զնդա՛ն պիտի լինիս.- / Ճշմարտութիւն չկայ ուրիշ»:
«ԴՈՒ ՈՒՐԻՇԻՆՆ ԵՍ»
20ամեայ Միսաք Մեծարենցը երգեց ուրիշ սէր մը. «Մեռելոց» քերթուածին մէջ տղան ըսաւ. «Գարուն մըն էր, եւ համբոյրով մը բացուած / Դամասկեա՜ն վարդ, գինով արփին գաղջ գոլէն, / Նուաղեցաւ ուրիշ սէր մը»: Մեծարենցի «Ծիածան» եւ «Նոր Տաղեր» գիրքերու հրատարակութենէն ետք, Թիֆլիսի մէջ լոյս կը տեսնէր Վահան Տէրեանի «Մթնշաղի անուրջներ» ժողովածուն: Բանաստեղծը այդ գիրքի թախծոտ եւ մելամաղձոտ էջերուն մէջ, հակառակ իր տանջանքին, հակառակ իր հիւծող մարմինին, երազեց յոյս մը. «Հեռու երկրի լուսէ հովտում / Օրերն ուրիշ երգ են հիւսում… / Ուրիշ արեւի փայլ / Ծաւալում է անանց հանգիստ»: Տէրեանը վառ պահեց մէկ այլ կեանքի եւ սիրոյ յոյս. «Կը զգամ համբոյրը ուրիշ օրերի… Դու իջնում ես որպէս յուշ, որպէս ուրիշ կեանքի լոյս»: Իսկ ինչպէ՞ս ընտրել կատարեալ ուրիշը՝ նմաններու մէջ. Զարեհ Խրախունի «Կաթիլներ» քերթուածին մէջ բացատրեց. «Ջուրի կաթիլ մը կը սահի կը հանդիպի ուրիշի մը ու / կ՛ըսէ – / Գիտե՞ս ինչ բան / Քու մէջդ ինչ բան ամէնէն շատ / Ամէնէն շատ կը սիրեմ – / Դուն ոչ մէկուն եւ ոչ մէկուն կը նմանիս»: Խրախունիի գրչընկեր Զահրատը «Լաց» բանաստեղծութեան մէջ ըսաւ, թէ ինք չուզեց «ուրիշներէ վեր» ըլլալ, փափաքեցաւ «ուրիշներու հետ» եւ «ուրիշներուն պէս» մնալ եւ «ուրիշներէն վար»՝ միշտ լացաւ «ուրիշին համար»: Իսկ Պարոյր Սեւակը, օր մը հասկցաւ, թէ խաբուած է, ու գրի առաւ սիրոյ բազմաթիւ խօսքեր. «Դու ուրիշինն ես / Ա՜խ, դու այդ ինչպէ՞ս ես ուրիշինը եղել», «Ես ուրիշին եմ պատկանում», «Դու ուրիշ ես», «Հիանալ ես ուզում, ուրիշ ոչի՛նչ…»: Սեւակը բառիս տուաւ նաեւ ազգային գոյն մը: Ան նկարագրեց հայը. «Մենք քիչ ենք‚ սակայն մեզ հայ են ասում / Պարզապէս մեր բախտն ուրիշ է եղել‚- / Երբ եղել ենք շատ / Ու եղել կանգուն‚ / Դարձեա՛լ չենք ճնշել մէկ ուրիշ ազգի…, / Եւ գիտենք նաեւ մեզ կրքոտ սիրել‚ / Բայց ուրիշներին մի՜շտ էլ յարգելով…»:
«ԱԽՐ, ՈՒՐԻՇ ՏԵՂԵՐ»
Հայը ինչո՞ւ է այսպէս,- հարց տուած էի ես,- ինքնագոհ, ինքնաբաւ եւ ինքնամփոփ. ան կ՛արհամարհէ ուրիշ աշխարհներ՝ իր երկիրը կը վերածէ պաշտամունքի առարկայի: Պատասխանս գտայ Համօ Սահեանի բանատողերուն մէջ. «Ախր ես ինչպէ՞ս ուրիշ տեղ մնամ: / Ախր ուրիշ տեղ հայրեններ չկան, / Ախր ուրիշ տեղ հորովել չկայ… / Ախր ուրիշ տեղ / Հողի մէջ այսքան օրհնութիւն չկայ»:
ՍԱՅԱԹԸ ՈՒՐԻՇ ԴԵՂ Է
Սայաթ Նովայի երգարուեստը ուրիշ աշխարհ է: Անոր երգերուն մէջ յարգելի ընթերցող, դուք կը լսէք իմաստութիւն եւ սէր: Այժմ ականջ տանք սայաթեան քանի մը գոհարի. «Իմ ջուրն ուրիշ ջրէն է», «Իմ գիրն ուրիշ գրէն է», «Քու տուածն ուրիշ դիղ է, ո՛ւրիշ դիղ», «Աղաչում իմ, ուրիշ ճար ու դիղ չունիմ», «Է’լ քու բաղին մտիկ արա, ուրիշ բաղէն վարդ չին տա քիզ», «Դուն ուրիշ խիալ (միտք) մի անի, / Ռահմ արա, հոգիս մի հան»ջ: Ունինք նաեւ այնպիսի սիրային երգեր, ուր «ուրիշը» վտանգ է, չար է. «Ինչո՞ւ համար խռովել է, / Գուցէ ճամբին մոլորուել է, / Կամ թէ ուրիշին սիրել է»՝ Գուսան Աշոտ, «Ես սիրեցի, ուրիշն առաւ»՝ Կոմիտաս: Բայց Թաթուլ Ալթունեանի «Քա դէ՛ եսիմ» կատակերգին մէջ, աղջիկը կ՛ուզէր, երանի՜, որ յայտնուէր մէկ ուրիշը. «Ընկերուհի.— Աղջի՛, ինչի՞ մարդ չես առնի: Աղջիկ.— Քա դէ՛ եսիմ, եսիմ, եսիմ. Մէկը ուզեց, ես չհաւնայ, / Ուրիշ ուզող հըլա չկայ»: Իսկ այսօր մեր հանրապետութեան մէջ կը հնչեն նոյն սէրը երգող ուրիշ մեղեդիներ: Ահա քանի մը հատը. «Մի ուրիշ մոլորակ», «Դու իմ ուրիշն ես», «Ես ու դու ուրիշ ենք», «Ուրիշ աչեր, ուրիշ հոգի», «Մի ուրիշ սէր»:
ՈՒՐԻՇԸ ՉՊԱՏՄԷ ՄԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
Այսօր, յարգելի ընթերցող մտածեցինք «ուրիշ» բաներ: Եւ լաւ էր, որ մեզի պատկանող «ուրիշ» սէրերու, առասպելներու մասին խօսեցանք, քանզի՝ «Դեւանիկ», «Վերջին բնակիչը» եւ «Դրախտի դարպասը» շարժապատկերներով յայտնի բեմադրիչ Ճիւան Աւետիսեանի խօսքով՝ «Պէտք է փորձենք մեր պատմութիւնը մենք պատմենք, ինքներս պատմենք, չթողենք ուրիշը պատմի»: