Ազգ. առաջնորդարանի դիւանը կը հաղորդէ, թէ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 11ին կ՛ամբողջանայ 9րդ տարելիցը այն ահաւոր ահաբեկչական դէպքին, որ պատահեցաւ Նիւ Եորքի առեւտրական երկու շէնքերու փլուզումով, եւ Փենթակոնի ու Փենսիլվանիոյ վրայ յարձակումներով, Սեպտեմբեր 11, 2001ին, եւ որուն զոհ գացին հազարաւոր անմեղ քաղաքացիներ։
Նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ Կիրակի, Սեպտեմբեր 12ին, Վերացման Ս. Խաչի օրն է՝ մեր եկեղեցւոյ տաղաւար տօներէն մին, առ այդ՝ կարելի չէ հոգեհանգիստ կատարել, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Ս. պատարագի, «Տէր Ողորմեա՛»ի յատուկ աղօթք պիտի բարձրացուի անմեղ զոհերու հոգիներուն ի յիշատակ։
«Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը, որ ներկայ ըլլայ Ս. եւ անմահ պատարագին եւ աղօթակից ըլլայ զոհերուն յիշատակին», նշուած է Ազգ. առաջնորդարանի դիւանի հաղորդագրութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.