ԹԵՀՐԱՆ, ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իրանի փոխնախագահ Համիտ Պաղայի, Կիրակի, Օգոստոս 29ին անձամբ բացատրութիւն տուած է այն տեղեկութեան մասին, թէ՝ ան յայտարարած էր որ 1915ին Օսմանեան կայսրութիւնը ցեղասպանութիւն կատարած է հայերու դէմ։
Այս նիւթին գծով կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Իրանի փոխնախագահը հերքած է Հայկական Ցեղասպանութեան առնչութեամբ որոշ լրատուամիջոցներու տարածած եւ իրեն վերագրուած խօսքերը՝ պահանջելով սրբագրել «սխալ» տեղեկութիւնը։
«Նշանակութիւն չունի, թէ ո՞ր երկիրի զանգուածային լրատուամիջոցներուն կողմէ տարածուած է այդ տեղեկութիւնը։ Մենք կը պահանջենք, որ անիկա սրբագրուի։ Կը սպասենք, որ հրապարակուի մեր պաշտօնական յայտարարութիւնը։ Կը յայտարարենք, որ անոնք սխալ բան ըրած են», ըսած է Իրանի փոխնախագահը՝ նախազգուշացնելով նաեւ Իրանի լրատուամիջոցները զերծ մնալ կեղծ տեղեկութիւններու տարածման հարցէն։
Համիտ Պաղայի նաեւ նշած է, որ Իսրայէլը ամէն կերպ կը փորձէ խոչընդոտել թուրք-իրանեան յարաբերութիւններու խորացումը։ Ան յայտարարած է, թէ «սիոնական վարչակարգը չի փափաքիր, որ Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները զարգանան։ Սիոնականները, աղաւաղելով բառերը՝ տարբեր մեկնաբանութիւններով որեւէ նիւթ կ՛օգտագործեն իրենց օգտին: Այսօր մենք Թուրքիոյ հետ ունինք ռազմավարական, առողջ եւ ուժեղ յարաբերութիւններ։ Մենք յարգանքով կը վերաբերինք տարածաշրջանի ամենակարեւոր երկիրներէն մէկուն՝ Թուրքիոյ»։
Օրեր առաջ իրանեան «Իրնա» լրատու գործակալութիւնը մէջբերած էր Իրանի փոխնախագահ Համիտ Պաղայիի խօսքերը, ըստ որոնց ան յայտնած էր, թէ «Հարիւր տարի առաջ Օսմանեան կայսրութիւնը ցեղասպանութիւն գործեց որոշ թիւով հայերու դէմ»։ Իրանի փոխնախագահին այդ յայտարարութիւնը անհանգստացուցած էր Անգարան, ուստի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու հեռաձայնած էր Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մանուշահր Մոթթաքիի ու յայտնած Անգարայի մտահոգութիւնը։ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը բացատրութիւններ տուած էր այդ ուղղութեամբ եւ խոստացած, որ Պաղայի եւս անձամբ բացատրութիւն տայ։
Միւս կողմէ, «Նիուզ» կայքը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդած էր, թէ Վանի մէջ իրանցի զբօսաշրջիկներ փոխադրող հանրակառք մը քարկոծուած է տեղացիներու կողմէ։ Հակառակ այն իրողութեան, որ ոեւէ մէկը վնաս է չկրած, այս պատահարը լուրջ վնաս կը հասցնէ Թուրքիա-Իրան յարաբերութիւններուն, ըսուած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտատարութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.