ՊՈՒԵՆՈՍ ԱՅՐԵՍ, «Արմէնիա».- Չորեքշաբթի, 25 Օգոստոսին, ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւն մը հանդիպեցաւ Արժանթինի արտաքին գործոց նախարար Էքթոր Թիմերմանի հետ։ Պատուիրակութեան մաս կազմեցին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան, ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի շրջանային մարմինի պատասխանատու Գէորգ Տոլմաճեան եւ Հայ Դատի յանձնախումբի Արժանթինի մարմինի պատասխանատու Յակոբ Թապագեան։
Հանդիպման նաեւ ներկայ եղաւ Արժանթինի Արդարադատութեան նախկին նախարար տոքթ. Լէոն Գարլոս Արսլանեան, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան կրօնքի քարտուղար Կիժերմօ Օլիվերի։
Պատուիրակութիւնը երախտագիտական խօսքեր յայտնեց նախարարին Հայաստանի մէջ Արժանթինի դեսպանատան բացման առիթով, ինչպէս նաեւ Մարդկային իրաւանց ու հայ ազգին հանդէպ արժանթինեան կառավարութեան նպաստաւոր դիրքին ու շարունակ աջակցութեան համար, որուն գագաթնակէտը եղաւ խորհրդարանին կողմէ թիւ 26199 օրէնքի հռչակումը՝ Ապրիլ 24ը յայտարարելով «Հանդուրժողականութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ յարգանքի օր», (11 Յունուար 2007ին), ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն։
Հանդիպման ընթացքին խօսուեցաւ Արժանթինի եւ Հայաստանի փոխյարաբերութեան հզօրացման հետ կապուած նիւթերու մասին՝ կեդրոնանալով դիւանագիտական փոխյարաբերութեան ու շրջանի կարելիութիւններու ծանօթացման անհրաժեշտութեան վրայ։ Նոյնպէս փոխանցուեցան Հարաւային Կովկասի մէջ չլուծուած հարցերու եւ բռնութեան նոր սաստկացումի կարելիութեան տեղ տուող ճարտասանական խօսքերու կամ գործերու վտանգին գծով հայոց մտահոգութիւնները։
Իր կարգին, նախարար Թիմերման շեշտեց կարեւորութիւնը համայնքներուն, որոնց աշխոյժ գործունէութիւնը հիմնական ազդակ մը եղած է Արժանթինի տնտեսական, գիտական եւ ընկերային զարգացման համար։ Աւարտին, ան հաստատեց արտաքին գործոց նախարարութեան աջակցութիւնը՝ Մարդկային իրաւանց եւ բազմազանութեան յարգանքը պահպանող որեւէ նախաձեռնութեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.