ՊՈԼԻՍ, «Հիւրրիյէթ».- Հրանդ Տինքի ընտանիքի փաստաբաններէն Քեզպան Հաթեմի կը յայտնէ, թէ Տինքի ընտանիքը կը պահանջէ արդարութեան հաստատումը եւ հետաքրքրուած չէ կառավարութեան հետ համաձայնութիւն մը գոյացնելու կամ «բարեկամական» լուծում մը գտնելու՝ Տինքը յանցաւոր գտած թրքական ատեանի վճիռին հարցով:
Ան աւելցուց, թէ պետութիւնը պէտք է ընդունի, որ Հրանդ Տինքի արտայայտուելու ազատութիւնը ոտնակոխուած էր, եւ ոչ թէ այնպիսի տպաւորութիւն փորձէ ստեղծել, թէ Տինքի սպանութիւնը արդարացի էր:
Անցեալ շաբթուան ընթացքին Տինքի ընտանիքի այլ փաստաբան մը՝ Ֆեթհիէ Չեթին, յայտարարած էր, թէ ընտանիքը կը մերժէ «բարեկամական» համաձայնութիւն մը գոյացնելու կառավարութեան առաջարկը:
Տինքի ընտանիքը կառավարութեան դէմ դատ բացած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին մօտ եւ կ՛ակնկալուի, որ ատեանը յանցաւոր համարէ Թուրքիան. այդ պատճառով Անգարա կը փորձէ կացութիւնը մեղմացնել՝ Տինքի ընտանիքին հետ համաձայնութիւն մը գոյացնելով:
Միւս կողմէ, Տինքի փասաբանները նաեւ անհիմն կը համարեն նախկին ոստիկանապետի մը այն պնդումները, թէ Հրանդ Տինք չէ սպաննուած ոճրայի խմբակի մը կողմէ: Փաստաբանները կը շեշտեն, թէ յստակ փաստեր կան, որ ոճիրը կազմակերպուած ու գործադրուած էր ոճրային ցանցի մը կողմէ, եւ կ՛աւելցնեն, թէ իշխանութիւնները ամէն միջոց ի գործ կը դնեն՝ դատավարութիւնը ձգձգելու համար, որովհետեւ փաստեր գոյութիւն ունին, թէ կառավարութիւնը թերացած էր Տինքի ապահովութիւնը երաշխաւորելու իր պարտականութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.