ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի յղուած նամակի մը մէջ, ծերակուտական Սեմ Պրաունպեք Երկուշաբթի, Օգոստոս 16ին բացատրած է, թէ ինչո՞ւ որոշած է կասեցնել Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին նշանակուած Ֆրենք Ռիքարտիոնիի նշանակման քննարկումը:
Ան բացատրած է, թէ Իրաքի եւ Եգիպտոսի մէջ սպասարկած տարիներուն, Ռիքարտիոնի բաւարար աշխատանք չէ տարած ընդդիմադիր կուսակցութեանց հետ, ժողովրդավար կարգերը ամրապնդելու նպա-տակով: Ան աւելցուցած է, թէ նկատի ունենալով, որ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութիւնը սկսած է երկիրը հեռացնել իր աշխարհի սկզբունքներէն, ամերիկեան իշխանութիւնները այս հանգրուանին աւելի ազդու դիւանագէտ մը պէտք ունին:
«Ֆաքս» պատկերասփիւռի կայանը Ուրբաթ, Օգոստոս 13ին հաղորդած է, թէ Ծրակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի բանբերը ըսած է, թէ Պրաունպեքի որոշումը «Հայաստանի հետ կապ ունի»: Պրաունպեք միշտ նեցուկ կանգնած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւերուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.