ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Երեքշաբթի, Օգոստոս 17ին, Պաքուի մէջ պաշտօնական հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի միացեալ մամլոյ ասուլիսը:
Հանդիպումին ընթացքին, երկու նախագահները իրենց գոհունակութիւնը յայտնած են տարբեր ոլորտներու մէջ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ «եղբայրական ու բարեկամական» յարաբերութիւններու մակարդակին վերաբերեալ։
Երկու երկիրներու ղեկավարները ընդգծած են, որ Թուրքիոյ նախագահի այցելութիւնը Ատրպէյճան պիտի նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ կապերու ընդարձակման:
Հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցած է միտքերու փոխանակում երկկողմանի յարաբերութիւններու, տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցերու շուրջ։
Համատեղ ասուլիսի ընթացքին, Կիւլ դարձեալ ըսած է, որ Արցախի հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրին մէջ։
«Մենք, ի հարկէ, հայ-ատրպեճանական յարաբերութիւններու շուրջ շատ լայն քննարկում կատարեցինք։ Պարոն նախագահը մանրամասն բացատրեց այս պահուն ստեղուած իրավիճակը։ Համոզուած եմ, որ մենք Կովկասը պիտի վերածենք կայուն համագործակցութեան տարածաշրջանի։ Այս հակամարտութիւնը այս ձեւով կը շարունակուի 18 տարի, եւ հետագային այդպէս պէտք չէ ըլլայ։ Իսկ ատոր համար անհրաժեշտ է լուծել այս խնդիրը։ Այդ նպատակով անհրաժեշտ է հանդիպումներ եւ քննարկումներ կատարել, երբեմն բաց, երբեմն ալ փակ դիւանագիտական գործունէութիւն իրականացնել։ Անկասկած, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրին մէջ։ Ատիկա պէտք է գիտնայ իւրաքանչիւր մարդ, որովհետեւ այլ երկիրի կողմէ որեւէ կերպ ՄԱԿի կողմէ ճանչցուած սահմաններու խախտումը կարելի չէ ընդունուիլ կամ դրական համարուիլ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն։ Այս տեսակիւնէն մեկնելով, մենք բոլորս պիտի շարունակենք ամէն ձեւով աջակցիլ այս խնդիրի լուծման», ըսած է Կիւլ։
Ըստ անոր, տարածաշրջանի երկիրները, բարեկամ երկիրները, ինչպէս նաեւ այս տարածաշրջանի հետ պատմական կապեր պահպանող բոլոր երկիրները պէտք է ըլլան չափազանց աշխուժ եւ աջակցին հակամարտութեան լուծուման։
«Ճիշդ չէ այս հարցը պահել «սառեցուած» վիճակի մէջ։ «Սառեցուած» հակամարտութիւնները անսպասելի կերպով կրնան վերածուիլ շատ մեծ խնդիրի», ըսած է Կիւլ եւ աւելցուցած, որ Թուրքիա «միշտ Ատրպէյճանի կողքին է»։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր կարգին յայտնած է. «Ես կրնամ ըսել, որ մենք կը գտնուինք վճռորոշ փուլի մէջ, որովհետեւ վերջին 5-6 տարիներու ընթացքին կայացած բանակցութիւնները յառաջացուցած են որոշակի առաջարկներ։ Այդ առաջարկները Մինսկի խմբակը պաշտօնապէս ներկայացուցած է Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին։ Առաջարկները հաւասարակշռուած բնոյթ ունին։ Առաջարկներն ընդունելու պարագային խնդիրը կարելի է լուծել խաղաղ ճանապարհով՝ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրին մէջ։
Առաջարկներու էութիւնը այն է, որ Հայաստանի բռնագրաւիչ ուժերը դուրս կը բերուին Ատրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներէն եւ Ատրպէյճանի քաղաքացիները կը վերադառնան իրենց հարազատ հողերը։ Ատոր կողքին, պիտի տեղակայուին խաղաղարար ուժեր։ Նախատեսուած է միջանցք Հայաստանի եւ Ղարաբաղի միջեւ, նաեւ այլ հարցեր։ Այսինքն, հարցի էութիւնը այն է, որ ատրպեճանական հողերը կ՛ազատին բռնագրաւումէն եւ կը վերականգնուի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը»:
Ալիեւ նաեւ նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը ապագային գործ է, թէեւ Ատրպէյճանը երբեք պիտի չհամաձայնի, որ Ղարաբաղը անկախ ըլլայ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.