«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Տոքթ. Պապեան ունիք վաստակաշատ գործունէութեամբ հարուստ կենսագրութիւն մը, թէ իբրեւ ատամնաբոյժ եւ թէ համայնքներու ազգային-

մշակութային կեանքին մէջ: Խօսեցէ՛,ք մեզի Լիբանանէն սկսեալ, մինչեւ Ամերիկա ձեր հաստատուիլը:
ՏՈՔԹ. ՄՀԵՐ ՊԱՊԵԱՆ.- Ծնած եմ Պուրճ Համուտ, Արագած թաղը, Լիբանան:
Յաճախած եմ Լուսինեան ազգային վարժարան, մանկապարտէզէն մինչեւ նախակրթարանի 3րդ կարգը, տնօրէն ունենալով Անդրանիկ Ուրֆալեանը: Ապա յաճախած եմ Նշան Փալանճեան ճեմարան եւ International College-Section francaise. որմէ ետք՝ Faculte Francaise de Medicine Dentaire-Universite St. Joseph.
Փոքր տարիքէս եղած եմ ՀՄԸՄի գայլիկ, «Խանասոր» պատանեկան, «Զաւարեան» աշակերտական եւ «Զաւարեան» Ուսանողական միութիւններու անդամ, ինչպէս նաեւ Անթիլիասի Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչական անդամ:
ԼՕ.ի «Պուլղուրճեան» կեդրոնէն ներս՝ գործակցաբար տնօրէնուհի Սօսի Սաղրեանի, իրականացուցած եմ ատամնաբուժական բաժինը:
Ասոնց վրայ տակաւին կ՛աւելնան Էվերէկ Ֆէնիսէ հայրենակցական միութեան եւ Ճեմարանականներու Շրջանաւարտից միութեան անդամակցութիւնս: Եղած եմ նաեւ հիմնադիր Փաղանգաւոր կուսակցութեան ատամնաբուժական դարմանատան:
Ծառայած եմ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի շրջաբակին մէջ գտնուող ազգային վարժարաններու աշակերտներու յատուկ ատամնաբուժարանէն ներս:
Լոս Անճելըսէն ներս՝ անդամակցած եւ եղած եմ՝
ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղին, հանդերձ ընտանեօք:
«Էվերէկ Ֆէնիսէ» հայրենակցական միութեան:
Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի անդամ եւ վարչական:
Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան ատենապետ. նոյնպէս, Լոս Անճելըսի ճեմարանականներու ընկերակցութեան ատենապետ:
ARPA – board member:
Friends of UCLA Naregatsi Chair, հիմնադիր անդամ:
First American-Armenian Charter «Ararat» School, հինադիր անդամ եւ board member:
Համազգայինի Երաժշտական եւ Արուեստ միաւորներու անդամ:
2002ին, մասնակցած եմ Համազգայինի Պատգամաւորական ժողովին՝ Լիբանան:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ուրկէ՞ կու գայ ձեր իղձն ու սէրը ընդհանրապէս մշակոյթի եւ յատկապէս հայ մշակոյթի նկատմամբ:
ՏՈՔԹ. ՄՀԵՐ ՊԱՊԵԱՆ.- Ընդհանրապէս մշակոյթի եւ յատկապէս հայ մշակոյթի նկատմամբ իմ իղձս ու սէրս կու գայ առաջին հերթին՝ ընտանիքէս:
Շուրջ 50 տարի առաջ Պուրճ Համուտի մեր համեստ թաղերուն մէջ ապրած շրջանիս մեծ եղբայրս ունէր ճոխ գրադարան մը. միջնեկ եղբայրս՝ Կորիւն Արք. Պապեանը մտաւորական հոգեւորական մըն էր. իսկ հայրս եւ մայրս ալ մեծ ընթերցասէրներ էին:
Ուստի, ներշնչումի առաջին աղբիւրներս եղած են ընտանիքիս բոլոր անդամները: Իմ ընթերցասիրութիւնը իրենց կը պարտիմ:
Պէտք է նաեւ աւելցնեմ, որ հետաքրքրութեանս դաշտը միշտ եղած է շատ ընդարձակ: Գիտական, գրական, մշակութային նիւթերով հարստացուցած եմ գիտելիքներս:
Ընթերցասիրութեան այս յակումս փոխանցուած է զաւակներուս:
Իբրեւ ճեմարանական, աշակերտած եմ հայերէն լեզուի վաստակաշատ ուսուցիչներէն՝ բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանին ու հայագէտ Գառնիկ Բանեանին: Հայերէն լեզուի եւ գրականութեան հանդէպ ունեցած սէրս նաեւ մասամբ անոնց կը պարտիմ:
Թէեւ ասպարէզիս բերումով միշտ գիտական նիւթերով զբաղուած եմ, այսուհանդերձ մեծ ծարաւով կարդացած եմ արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրականութեան գրեթէ բոլոր երկերը:
Արտակարգ սիրով մը նաեւ կապուած եմ հայ մամուլին: Աւելի քան 50 երկար տարիներ մօտէն կը հետեւիմ անոր, ընթերցելով տարբեր հոսանքներու պատկանող թերթեր:
Ասոր իբրեւ հետեւանք, քաջածանօթ եմ Հայաստանի եւ Սփիւռքի իրականութիւններուն: Անցնելով արուեստին՝ յայտնեմ, որ պատանեկան տարիներէս սկսեալ ունեցած եմ երաժշտութեան հանդէպ յատուկ սէր: Արուեստի աշխարհը իր բազմազան երեսներով՝ երաժշտութիւն, թատրոն, նկարչութիւն զիս հրապուրած են: Այս բոլորին «սիրողական» հանգամանքով անքակտելիօրէն կապուած եմ:
Ասկէ մեկնած, Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէս ետք, միշտ կապ պահեցի Համազգայինի երաժշտական միաւորին հետ: Այսօր հպարտութեամբ կրնամ յայտարարել, որ խումբ մը նուիրեալներու ճիգերով այս Միաւորը արդէն լոյս ընծայած է աւելի քան 11 խտասալիկներ:
Ըսեմ նաեւ, որ այս Միաւորի նպատակն էր օտար ափերուն վրայ հասակ նետող նոր սերունդին ծանօթացնել հայկական դասական եւ ժողովրդական երգերը:
Ինծի համար շատ յստակ է, թէ՛ մշակոյթը եւ ի մասնաւորի հայկականը, հայրենիքէն հեռու ապրող մեր սերունդին համար հայապահպանման մեր կեանքի աւիւնը եղած է, որմէ դժբախտաբար զրկուած են այս ափերու հայ սերունդի ներկայացուցիչները:
Այս կը նշանակէ, թէ հայ մշակոյթը արտերկրի մէջ կը հանդիսանայ հոգեւոր այն հայրենիքը, որմէ կը ստանանք հայութեան արմատներէն հոսող մեր կեանքի աւիշը:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ինչպէ՞ս կը բացատրէք այն երեւոյթը, թէ փոխանակ մտածելու եւ եսակեդրոն ձեւով ձեր ասպարէզով հետաքրքրուելու, անհաշիւ ժամանակ տրամադրած էք ձեր ապրած համայնքէն ներս աշխոյժ եւ գործօն մասնակցութիւն բերելով տարբեր միութիւններուն՝ մանաւանդ Համազգայինին:
ՄՀԵՐ ՊԱՊԵԱՆ.- Համազգայինի ճամբով ունեցած իմ միութենական գործունէութեանս մասին, ձեր առաջին հարցումին արդէն մասամբ մը պատասխանած եմ:
Այսուհանդերձ կ՛ուզէի հետեւեալ քանի մը մտածումները բաժնել ձեզի հետ:
Ես եղած եմ զաւակը Հայկական Ցեղասպանութենէն հրաշքով ազատուած ծնողներու, որոնք յետ Եղեռնեան հայ ժողովուրդի գոյատեւման եւ զարթօնքի ռահվիրաները եղան:
Մենք ամէն ինչ կը պարտինք հայօրէն գոյատեւող եւ թուրքէն վրէժ լուծող որբերու բանակին, որուն անդամները մեզի համար եղան ապրող եւ գործող տիպարները: Տակաւին աւելին, ընտանքիս բոլոր անդամները, զանազան ուղիներով նուիրուած են մեր ազգին ծառայութեան:
Այսպէս, հանգուցեալ մայրս՝ տիրամայրը, աւելի քան 50 տարիներ եղած է ԼՕԽի անդամուհի եւ յաճախ ալ վարչական կազմերու անդամ: Տարօրինակ եւ երբեմն ալ ծայրայեղութեան հասնող տիպար մըն էր մայրս: Բնազդով իր մէջ գոյութիւն ունէր ծառայասիրութեան ոգին: Նոր Սիսի եւ Արագած թաղերու բնակիչները կը վկայեն անոր ունեցած անհուն մարդասիրութեան եւ հայասիրութեան մասին:
Անոր կեանքին նպատակը եղած է օգնել աղքատին, նիւթապէս եւ բարոյապէս օժանդակել հիւանդին, պաշտպան կանգնիլ որբին եւ այրիին: Մայրս յաճախ իր ընտանիքէն աւելի ժամանակ կը տրամադրէր անոնց բոլորին: Փաստօրէն ան մեր կեանքին մէջ ամէնօրեայ զոհաբերութեան կենդանի նմոյշ մըն էր:
Մեծ եղբայրս՝ տակաւին շատ երիտասարդ տարիքին նուիրուած էր միութենական ու կուսակցական աշխատանքներուն: Ունէր գրականութեան եւ արուսետի նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն եւ սէր: Յետոյ ան դարձաւ այս օրերու հանրայայտ արուեստագէտ լուսանկարիչ Գալուստ Պապեանը:
Միւս եղբայրս՝ Կորիւն արք. Պապեանը, տոքթոր աստուածաբանութեան եւ հայագիտութեան Օքսֆորտի համալսարանէն, նուիրուած է Հայ Եկեղեցւոյ ծառայութեան: Շուրջ 50 տարիներէ ի վեր ան կը ծառայէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերէն ներս:
Նիւթապէս յաջողած ըլլալը, բժիշկի հանգամանք ունենալը, դրական երեւոյթներ են. սակայն հայութենէն կտրուած եսակեդրոն ապրիլը կը նմանի Աւետարանի այն մեծահարուստին, որուն արտերը առատ բերք տուին, սակայն ան Աստուծոյ տուած բարիքները չքաւորին եւ կարիքաւորին բաժնելու փոխարէն, միայն իր անձնական երջանկութեան մասին մտածեց եւ որուն վախճանը եղաւ շատ տխուր:
Առհասարակ իւրաքանչիւր մարդ անհատ եւ յատկապէս հայ մարդը պէտք է ունենայ իր կեանքին մէջ հետապնդելիք հիմնական նպատակներ:
Պէտք է նաեւ տեսիլք ունենայ, իր ապրած միջավայրն ու ընկերութիւնը բարելաւելու, թէկուզ իր համեստ ներդրումով:
Իմ կեանքիս գոյութեան իմաստը եղած է հայօրէն գոյատեւել: Պայքարիլ մեր ժողովուրդի համազգային իղձերու իրագործման ի խնդիր: Այս ուղղութեամբ միշտ պատրաստ եղած եմ նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնս բերելու:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ի՞նչ ունիք ըսելիք այն հայ երիտասարդներուն, որոնք նախ կ՛ուզեն հետեւիլ բժշկութեան եւ ապա իրենց ներդրումը ունենալ մեր ազգային-մշակութային կեանքէն ներս:
ՏՈՔԹ. ՄՀԵՐ ՊԱՊԵԱՆ.- Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն բժշկութեան ճիւղին հետեւիլ, մեկնելով տարիներու փորձառութենէս, կ՛ուզեմ ըսել, որ անոնք շատ դժուար ասպարէզ մը կ՛ընտրեն:
Արդի գիտական աշխարհին մէջ, բժշկական բոլոր ճիւղերը, այնքան մասնագիտացած են, որ միջակութիւններու համար տեղ չկայ: Ուստի անոնք, որոնք կ՛ուզեն բժշկութեան ասպարէզին հետեւիլ, պէտք է պատրաստ ըլլան երկար տարիներու զոհողութեան եւ պէտք է ջանան հասնիլ մասնագիտութեան այնպիսի բարձր մակարդակին, որուն միջոցով միայն նախ կրնան հոգեկան բաւարարութիւն ունենալ եւ յաջողութիւն ձեռք ձգել իրենց ընտրած ասպարէզին մէջ:
Բժշկութիւնը, հոգեւորական դառնալու նման բան մըն է: Մինչ հոգեւորականը հոգիներ կը բուժէ, բժիշկն ալ իր կարգին մարդոց ցաւերը կ՛ամոքէ եւ կը բժշկէ:
Այն անհատը, որ դրամ շահելու համար կ՛ուզէ բժշկութեան ասպարէզին հետեւիլ, նախընտրելի է, որ ան ընտրէ վաճառականութեան ասպարէզը:
Ինչ կը վերաբերի այն հայ երիտասարդներուն, որոնք կ՛ուզեն իրենց ներդրումը բերել մեր ազգային եւ մշակութային կեանքէն ներս, անշուշտ ես մեծապէս կը քաջալերեմ, որ անոնք նուիրուին այս սրբազան աշխատանքին:
Երբ հայ երիտասարդ կ՛ըսենք բնականօրէն մենք կը մտածենք Սփիւռքահայուն մասին: Ճիշդ է որ երկրէ երկիր պայմանները կը փոխուին եւ նոյնը չեն մնար, բայց նպատակը ամէն տեղ նոյնն է:
Յաճախ պէտք է թիավարել հոսանքն ի վեր:
Իսկ հարց է, թէ անոնք ուրկէ՞ պիտի ստանան իրենց հայութեան աւիշը, երբ անծանօթ են իրենց մայրենի լեզուին եւ պատմութեան, երբ չեն տագնապիր համահայկական ցաւերով, չեն ոգեւորուիր համազգային իղձերով եւ տեսլականով:
Ուրեմն իմ հիմնական մտահոգութիւնս հայ երիտասարդութեան սպառնացող այլասերման եւ ապազգայնացման վտանգն է: Իր արմատներէն կտրուած հայուն համար բնականօրէն հետաքրքրական չէ մեր ազգային մշակութային կեանքը. ուստի, ան պիտի չփափաքի որեւէ դերակատարութիւն ստանձնել հայ կեանքին մէջ:
Հայ համայնքէն կամ ազգային մշակութային կեանքէն ներս ներդրում ունենալը հայութեան հետ արեան կապը պահպանել կը նշանակէ:
Ինչպէս քրիստոնէական հասկացողութեամբ հաւատքը առանց գործի ունայն է, այդպէս ալ հայ ըլլալը՝ առանց հայ կեանքէն ներս ներդրում կատարելու, աննպատակ ապրուած հայութիւն մըն է:
Բոլոր ազգերու պարագային երիտասարդութիւնն է ապագան կերտողը:
Սփիւռքահայ մեր իրականութեան մէջ զարգացած եւ յանձնառու երիտասարդութեան վիճակուած է անփոխարինելի դերակատարութիւն:
Եթէ մենք կարողանանք դաստիարակել մեր երիտասարդութիւնը, այն ձեւով որ պատրաստ ըլլայ իր դիմաց գտնուող մարտահրաւէրները դրականօրէն դիմագրաւելու, այն ժամանակ կ՛իրականան մեր ազգին անկատար իղձերը:
Հայ երիտասարդութենէն այսօր կը պահանջուի հայանպաստ գործունէութիւն, քաղաքական կամ մշակութային բնագաւառներէն ներս:
Ամէն հայ պարտաւոր է իր լուման բերել ազգապահպանման եւ հայակերտման՝ հզօր Սփիւռք եւ հզօր Հայրենիք ունենալու տեսլականին ի խնդիր:
Varskt gadar Mher chan.Sharounage ays vokiov.
Mishd sirov,
Kevork Apelian