ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Շաբաթ Յուլիս 17ին, Արամ Ա. կաթողիկոս, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի հայրապետական ամարանոցին մէջ ընդունեց, Լիբանանի նախկին նախագահ Էմին Ժմայելը:
Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին արծարծուած նիւթերը եղան Լիբանանի ներկայ կացութիւնը՝ քաղաքական վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ շրջանային հարցեր:
Նախագահ Ժմայել, վեհափառին հետ իր հանդիպման առիթով վերահաստատեց իր բարեկամութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ լիբանանահայութեան հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.